
Մոլտովա դիմած է ՄԱԿ-ին` խնդրելով Մերձտնեսթրէն ռուս զինուորներու ամբողջական հեռացման հարցը ներառել Ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշրջանի օրակարգին վրայ: «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է ՄԱԿ-ի մէջ Մոլտովայի դեսպան Վիքթոր Մորարուի նամակին մէջ:
Քիշնեւի կարծիքով` Ռուսիոյ զինուորներու ներկայութիւնը «վտանգ կը ներկայացնէ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման համար»:
Նամակին մէջ Մոլտովայի դեսպանը ՄԱԿ-էն կը խնդրէ աջակցիլ «իր ազգային տարածքէն օտար զինեալ ուժերու ամբողջական հեռացման հոլովոյթի աւարտին ուղղուած Մոլտովայի ջանքերուն»:
Մորարու իր նամակին մէջ յիշեցուցած է նաեւ 1999-ին որդեգրուած ԵԱՀԿ-ի հռչակագիրը, որ ողջունած է «Ռուսիոյ պարտաւորութիւնը` մինչեւ 2002-ի վերջը աւարտելու Մոլտովայի տարածքէն ռուսական զօրքերու հեռացումը»:
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշրջանին բացումը տեղի պիտի ունենայ 12 սեպտեմբերին:


