Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան ղեկավար Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարած է, որ իր երկիրը կրնայ հինգ օրուան ընթացքին իւրանիոմի հարստացման աշխատանքները վերսկսիլ մինչեւ այն մակարդակը, որ բաւարար պիտի ըլլայ զինուորական կարիքներու համար: Այս մասին երէկ հաղորդեց իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանը:
«Եթէ մենք համապատասխան որոշում որդեգրենք, ապա պիտի կրնանք իւրանիոմի մինչեւ 20 առ հարիւր հարստացումը վերսկսիլ առաւելագոյնը հինգ օրուան ընթացքին», յայտնած է Սալեհի: