Չեչենիոյ Մէջ Երեսփոխան Մը Սպաննուած Է
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Չեչենիոյ մէջ սպաննած են տեղական օրէնսդիր մարմինի երեսփոխան Մուխմատ Ազպախովը: Հետաքննութիւններու դաշնակցային կոմիտէն հաղորդած է, որ ուրբաթ օր առաւօտեան Աչխոյ-Մարթան աւանէն մայրաքաղաք Կրոզնի տանող ճամբուն վրայ զինեալներ կրակ բացած են երեսփոխանի ինքնաշարժին վրայ: Ազպախով համայնավարական կուսակցութեան անդամ էր: Այդ կուսակցութեան ղեկավար Կենատի Ժիւկանով հրապարակած է ցաւակցական ուղերձ մը, ուր կ՛ըսուի. «Ազպախով բարեկամ էր, ընկեր...




















