Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թիլըրսըն Ճնշում Կը Բանեցնէ Փաքիստանի Վրայ

Օգոստոս 24, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Փաքիստանի վրայ ճնշում բանեցուցած է Աֆղանիստանի մէջ թալեպաններուն աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:

Փաքիստան կը հերքէ թալեպաններուն ապաստան տրամադրելը, սակայն Թիլըրսըն յայտնեց, որ Իսլամապատ կրնայ կորսնցնել իր ամերիկեան օժանդակութիւնները, եթէ փաքիստանեան կառավարութիւնը «իր կեցուածքը չփոխէ»: Նշենք, որ Փաքիստան` իբրեւ ՕԹԱՆ-ի ոչ անդամ գործընկեր, յատուկ կարգավիճակ ունի եւ միլիառաւոր տոլարներու հասնող օժանդակութիւն կը ստանայ:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կրնայ Փաքիստանի վրայ ճնշում բանեցնել` սառեցնելով զինուորական օժանդակութիւնը եւ վերատեսութեան ենթարկելով իբրեւ ՕԹԱՆ-ի ոչ անդամ մեծ գործընկեր անոր կարգավիճակը:

Թիլըրսըն շեշտեց, որ կայուն Փաքիստան մը կը բխի Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու շահերէն: «Անոնք հիւլէական ուժ են, եւ մտահոգութիւններ ունինք անոնց զէնքերուն ապահովութեան վերաբերեալ: Ասիկա կացութիւն մը չէ, ուր Միացեալ Նահանգներ կ՛ըսեն. «Մենք աս ենք, դուք ալ այդ»:

Ան յայտնեց, որ թալեպաններուն պէտք է հասկցնել, թէ Աֆղանիստանի մէջ զինուորական յաղթանակ չեն կրնար արձանագրել: Ան նաեւ անուղղակի կերպով ակնարկեց, թէ իր երկիրը եւս կրնայ այդպիսի յաղթանակ մը չարձանագրել: «Այդպիսի յաղթանակ մը կրնանք չարձանագրել, սակայն դուք եւս պիտի չարձանագրէք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ բանակցութիւնները տագնապին վերջ տալու միակ միջոցն են:

Միւս կողմէ, Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յուսախաբութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կատարած յայտարարութեան նկատմամբ եւ հերքեց, թէ Փաքիստան ահաբեկչական որեւէ խմբաւորումի ապաստան կը տրամադրէ:

 

Նախորդը

«Մաթիս Իրաքցի Քիւրտերը Յորդորած Է Յետաձգել Անկախութեան Հանրաքուէն» Կը Գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»

Յաջորդը

«Թուրքիան Երբեք Պիտի Չարտօնէ, Որ Սուրիոյ Քիւրտերը Պետութիւն Ստեղծեն» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Նեթանիահու Եւ Պայտըն Քննարկած Են  «Իրանեան Սպառնալիք»- ը
Միջազգային

Պայտըն. «Իսրայէլ Չի Կրնար Շարունակել Այս Ուղիով Ընթանալ, Եւ Նեթանիահուն Մօտ Օրէն Պիտի Չհրաւիրեմ». Նեթանիահու Կ՛արձագանգէ

Մարտ 30, 2023
«Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձի  Ջանքերուն Նկատմամբ Մեր Կեցուածքը  Պիտի Փոխենք, Միայն Եթէ Դրական  Զարգացումներ Տեսնենք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը
Միջազգային

«Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձի Ջանքերուն Նկատմամբ Մեր Կեցուածքը Պիտի Փոխենք, Միայն Եթէ Դրական Զարգացումներ Տեսնենք» Կ՛ըսէ Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Մարտ 30, 2023
Զելենսքի. «Պախմութի Մէջ Ուքրանական Ուժերու  Պարտութիւնը Պիտի Ստիպէ Ռուսիոյ Հետ  Փոխզիջումնային Լուծում Գտնելու»
Միջազգային

Զելենսքի. «Պախմութի Մէջ Ուքրանական Ուժերու Պարտութիւնը Պիտի Ստիպէ Ռուսիոյ Հետ Փոխզիջումնային Լուծում Գտնելու»

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In