Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ուխտագնացութենէն ետք սէուտական եւ իրանեան դիւանագիտական պատուիրակութիւնները Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի մէջ իրենց երկիրներու հիւպատոսարաններու եւ դեսպանատուներու փոխադարձ այցելութիւններ պիտի կատարեն:
Պատասխանելով Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ իրաքեան միջնորդութեան մասին հարցումի մը` իրանեան դիւանագիտութեան պետը ըսաւ. «Այդ առնչութեամբ կարգ մը հրապարակային յայտարարութիւնները ճշգրիտ չեն եւ ամբողջովին ոչ իրատեսական են»:
«Իրան միշտ ալ իր դրացիներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ կ՛ուզէ, սակայն շրջանին մէջ սէուտական քաղաքականութիւնները քանդիչ էին եւ ի վերջոյ վնասեցին Ռիատին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իր երկիրը իր նկատմամբ սէուտական քայլերուն դրականօրէն պիտի պատասխանէ, եթէ Ռիատ վերատեսութեան ենթարկէ իր շրջանային քաղաքականութիւնը:
Ան նշեց, որ Իրան Սէուտական Արաբիոյ հետ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար անհրաժեշտ քայլերը որդեգրած է, իսկ այժմ Ռիատի կարգն է այդպիսի քայլեր որդեգրելու: