
Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Քուպայի մէջ ամերիկեան եւ քանատական դեսպանատուները ձայն արձակող խորհրդաւոր սարքի մը օգտագործումով յարձակումի ենթարկուած են:
Սարքէն վնասուած անձերը գիշերը լսած են անտանելի ձայն մը, որ կը նմանի միջատներու տզտզոցի կամ տանիքի թիթեղեայ ծածկի խշրտոցի եւ ամբողջ օրը չեն կրցած աշխատիլ:
Ուաշինկթընի կարծիքով` դէպքին մեղսակից են Ամերիկայի հակառակորդ երկիրներէն մէկը` Ռուսիան, Չինաստանը, Հիւսիսային Քորէան, Իրանը կամ Վենեզուելան, սակայն չէ կրցած որեւէ փաստ ներկայացնել, ինչպէս նաեւ այդ ձայնին աղբիւրը տակաւին չէ բացայայտուած:
Նշենք, որ Ամերիկան ռահվիրան է ձայն արտադրող սարքի ստեղծման ու օգտագործման: Ամերիկեան սարքը կ՛արտադրէ 150 տեսիպել ձայն մը: Ծանօթ է, որ 85 տեսիպել կամ աւելի եղող ձայները ժամանակաւոր կամ մնայուն խլութիւն կը պատճառեն:


