Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի. Եւրոպական Խորհուրդը Կը Քննարկէ Հակառուսական Պատժամիջոցներու Ջնջման Հարցը
Եւրոպական խորհուրդը կը քննարկէ 2014-ին Ուքրանիոյ տագնապին պատճառով Ռուսիոյ դէմ գործող պատժամիջոցներու ջնջման հարցը: «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ կազմակերպութեան մէջ մտահոգ են, թէ Ռուսիան պիտի որոշէ դուրս գալ իր կազմէն: Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ յայտնած է. «Ատիկա ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ Եւրոպայի համար, որովհետեւ մենք պիտի ստանանք առանց Ռուսիոյ Եւրոպա մը: Ատիկա...




















