Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը երկուշաբթի գիշեր շարք մը հրթիռներ արձակած է Դամասկոսի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող զինուորական դիրքերէն մէկուն դէմ: Սուրիոյ հակաօդային համակարգերը դէմ դնելով` յաջողած են վնասազերծել երեք հրթիռներ:
Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ յարձակումին պատճառով նշեալ զինուորական դիրքը նիւթական վնասներ կրած է:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ օդային յարձակումը Դամասկոսի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Ժամրայա գիւղին դէմ էր, ուր թիրախ դարձած է իտական հետազօտութեանց կեդրոնը: Սուրիական հակաօդային համակարգերը յաջողած են արձակուած 6 հրթիռներէն 3-ը վնասազերծել: