Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զանգուածային Սպանութիւն Նախիջեւանի Ազրպէյճանական Բանակին Մէջ

December 7, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թայմզ.ամ» կայքը հաղորդեց, որ քանի մը օր առաջ Նախիջեւանի ազրպէյճանական բանակի մէկ ստորաբաժանումին մէջ զանգուածային սպանութիւն կատարուած է: Արդարեւ, բանակի սպաներէն մէկը սպաննած է դիրքի ամբողջ անձնակազմը եւ փախուստ տուած:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը չէ արձագանգած դէպքին: Հաւանական կը նկատուի, որ Ազրպէյճան դարձեալ կը փորձէ քողարկել իր բանակին մէջ արդէն իսկ սովորութիւն դարձած սպանութիւնները: Սակայն նկատի ունենալով, որ այս պարագային քանի մը զինուորական սպաննուած է, անհաւանական է, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կարենայ միջադէպը երկար ատեն գաղտնի պահել հանրութենէն:

Միւս կողմէ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը դիմած է Միջազգային կարմիր Խաչի Հայաստանի գրասենեակ` 23 նոյեմբերին Հայաստանի սահմանի հարաւարեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն յարակից տարածքին մէջ յայտնաբերուած ազրպէյճանցի զինուորականի մը դին ազրպէյճանական կողմին յանձնելու համար:

«Հետք»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է, որ այս դիմումէն անմիջապէս առաջ, Պաքու նոյն դին գտնելու գծով դիմած էր Կարմիր խաչին:

Կարմիր խաչի Հայաստանի գրասենեակի հաղորդակցութեանց ղեկավար Զառա Ամատունի ըսած է. «Երբ համաձայնութիւն գոյանայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու միջեւ, մենք իբրեւ միջնորդ պատրաստակամ ենք գործելու»:

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, մահացած զինուորը եղած է հրամանատարը այն վաշտին, ուր տեղի ունեցած է զանգուածային սպանութիւնը: Կը կարծուի, թէ ան զօրամասին մէջ տեղի ունեցած յանցագործութենէն ետք փախուստի դիմած է:

Նախորդը

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Կը Քննարկէ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Եւ Քաղաքական Ժողովներուն Քառամեայ Գործունէութիւնը

Յաջորդը

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի. Եւրոպական Խորհուրդը Կը Քննարկէ Հակառուսական Պատժամիջոցներու Ջնջման Հարցը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.