Տոնպասի կացութեան կարգաւորման վերաբերեալ Մինսքի համաձայնութիւնները իրենք զիրենք սպառած են, անոնց փոխարէն պէտք է ստորագրուին նոր համաձայնագիրներ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ «Ուքրանիա. ձգտելով դէպի հաւասարակշռութիւն» ազգային փորձագիտական խորհրդաժողովին ընթացքին այդ մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարար Արսէն Աւաքով:
«Կրնա՞ն արդեօք Մինսքի համաձայնագիրները իրագործուիլ իբրեւ խաղաղութեան հասնելու եւ տագնապի լուծման իրական մեքանիզմ: Իմ խոր համոզումով` ոչ», ըսած է Աւաքով` աւելցնելով, որ Մինսքի համաձայնագիրները այսօր «մեռած են»: Ներքին գործոց նախարարը այն կարծիքը յայտնած է, որ նոր համաձայնագիրներու ստորագրման անհրաժեշտութիւն յառաջացած է:
«Ես կը կարծեմ, որ պէտք է ըլլան յաջորդ համաձայնագիրները: Ինչո՞ւ «Մինսքի»: Պէտք է ըլլան «Վիեննայի», «Փարիզի» կամ որեւէ այլ համաձայնագիրներ», ընդգծած է ան:
Անոր համաձայն, նոր համաձայնագիրները պէտք է ենթադրեն ՄԱԿ-ի խաղաղապահներու հետ միացեալ եւ լիակատար հսկողութեան հաստատում ռուս-ուքրանական սահմանին վրայ, Ուքրանիոյ արդարադատութեան մարմիններու ներդրում Տոնպասի մէջ եւ այնտեղ ընտրութիւններու կատարում, ինչպէս նաեւ համաներում անոնց համար, որոնք չեն կատարած ծանր յանցագործութիւններ, մասնաւորաբար սպանութիւններ: