Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սարաֆի Խոստովանութիւնը Ծանր Կացութեան Կը Մատնէ Էրտողանը» Կը Գրէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»

December 5, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու մէջ ձերբակալուած Թուրքիոյ քաղաքացի, իրանեան ծագումով մեծ գործարար Ռըզա Սարաֆի գործին եւ վերջերս կատարած խոստովանութեան, որոնք, ըստ օրաթերթին, ծանր կացութեան կը մատնէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:

Յայտնի գործարարը Միացեալ Նահանգներու մէջ կը մեղադրուի ամերիկեան պատժամիջոցները արհամարհելով Իրանի տնտեսութեան զարգացման աջակցելու փորձերու, ինչպէս նաեւ «կեղտոտ դրամներու լուացման» համար անօրինական հիմնադրամներու ստեղծման համար: Անոր հետ նոյն գործի ծիրին մէջ մեղադրանք առաջադրուած է Թուրքիոյ տնտեսութեան նախկին նախարար Զաֆեր Չաղլայանին:

Սարաֆ խոստովանած է նաեւ Չաղլայանի հետ կապի եւ անոր շուրջ 50 միլիոն եւրօ կաշառք տալու մասին: Ան նոյնպիսի գործարքներու մէջ գտնուած է նաեւ Թուրքիոյ պետական «Հալքպանք» դրամատան ղեկավարութեան հետ:

Բրիտանական օրաթերթը կը նկատէ, որ Սուրիոյ հիմնախնդիրի հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումն ու Սուրիոյ քրտական ջոկատները զինելը, Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձի կազմակերպման մէջ մեղադրուող թուրք կրօնական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը արտայանձնելու հարցին մէջ Թուրքիոյ մերժելն ու շարք մը այլ խնդիրներ բաւական բարդացուցած են թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները:

Այս աղմկայարոյց դատավարութիւնը, որ արեւմտեան մամուլը Էրտողանի ու անոր շրջապատին համար պարզապէս ամօթալի կ՛որակէ, կրնայ դառնալ թուրք-ամերիկեան ճգնաժամի վերջին ու բարձրագոյն կէտը, աւելի՛ն` դառնալ յարաբերութիւններու խզման պատճառ:

«Ֆայնենշըլ Թայմզ» կը նկատէ նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ շարք մը մեծ դրամատուներ այս բոլորէն ետք կը վախնան առանձնակի լուրջ պատժամիջոցներու կիրարկումէն:

Սարաֆ, դատական առաջին իսկ դատական լսման ընթացքին յայտնած է, թէ իրենք Թուրքիայէն Իրան արտածած են ոսկի եւ սննդամթերք` յաճախ իբրեւ տարանցիկ տարածք օգտագործելով Տուպայի շուկան: Շաբաթ օր կայացած երկրորդ դատական նիստին ընթացքին Սարաֆ յայտարարած է, թէ ինք Իրանի հետ կապուած բոլոր գործարքներուն մասին հրամանները ստացած է անձամբ Էրտողանէն, որ այդ ժամանակ կը վարէր երկրի վարչապետի պաշտօնը:

Էրտողան. «Ամերիկեան Դատարանները Չեն Կրնար Դատի Տալ Թուրքիան»

Միացեալ Նահանգներու դատարանները չեն կրնար դատի տալ Թուրքիան: Այս մասին շաբաթ օր Կարս նահանգին մէջ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներուն հետ հանդիպումին ընթացքին` անդրադառնալով Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները շրջանցելու համար մեղադրուող թրքական դրամատան ղեկավարի գործին, յայտարարած է Էրտողան:

Անգարա Սարաֆի խոստովանութիւնները անուանած է Թուրքիոյ եւ երկրի տնտեսութեան վնաս հասցնելու փորձ եւ յայտարարած, որ ակնյայտ է, թէ ատիկա Միացեալ Նահանգներ գտնուող Կիւլենի աջակիցներուն կողմէ կազմակերպուած դաւադրութիւն է:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

«Չեք Կրնար Երկիրը Ծունկի Բերել» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.