Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կը Հերքեն. Եմէնէն Թեւաւոր Հրթիռ Մը Արձակուած Է Ապու Տապիի Հիւլէական Կայանի Վայրին Դէմ

December 4, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եմէնեան հրթիռային ուժերը յայտարարեցին, որ թեւաւոր հրթիռ մը արձակած են Ապու Տապիի մէջ Պարաքա հիւլէական ապագայ կայանի վայրին դէմ: Նշեալ ուժերէն աղբիւրներ յայտնեցին, որ «Քրուզ» տիպի հրթիռը հարուածած է իր թիրախը:

Եմէնեան հրթիռային ուժերու բանբերի տեղակալ Ազիզ Ռաշետ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Ապու Տապիի հիւլէական կայանին դէմ թեւաւոր հրթիռի արձակումը քաղաքական եւ զինուորական պատգամ մըն է, եւ նշեալ հրթիռը հարուածած է իր թիրախը:

Պարաքա հիւլէական կայանը կը գտնուի Ապու Տապիի էմիրութեան արեւմուտքը` Արաբական ծոցին մօտ եւ Ռուէյս քաղաքէն 53 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Նշեալ վայրին մէջ 2020-ին հիւլէական չորս կայաններ պիտի հաստատուին:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտակարգ իրավիճակներու ազգային խորհուրդը հերքեց «Եմէնի մէջ յեղաշրջական հուսիներու փողերուն այսօր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու օդային տարածքին ուղղութեամբ հրթիռ մը արձակած ըլլալու պնդումները» եւ շեշտեց, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները որեւէ տեսակի սպառնալիք դիմակայելու կարողութիւնը ունեցող հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ ունին:

Խորհուրդը նշեց, որ Պարաքա հիւլէական կայանի ծրագիրի վայրը բոլոր հաւանականութիւններէն պաշտպանուած է եւ այդպիսի ազգային մեծ ծրագիրի մը համար անհրաժեշտ ապահովական ու անվտանգութեան բոլոր միջոցառումներով օժտուած է:

Խորհուրդը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քաղաքացիներուն եւ այդտեղ բնակողներուն վստահեցուց, որ երկրին օդային տարածքը ապահով է:

Նախորդը

Հուսիները Ընկճա՞ծ Են Սալեհի Ըմբոստութիւնը. Սէուտական Ղեկավարութեամբ Դաշինքը Կ՛ողջունէ Սալեհի Բանակցութեան Առաջարկը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը  Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման  Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը
Միջազգային

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը

November 12, 2026
Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը  «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց
Միջազգային

Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.