Միացեալ Նահանգներ մօտ օրէն պիտի յայտարարէ, թէ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք կը ճանչնա՞յ, թէ՞ ոչ: Այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարի տեղակալ Հոկըն Կիտլի:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահը սկիզբէն յստակ դարձուց, որ ատիկա «արդեօք»-ի հարց չէ, այլ` «երբ»-ի: Բայց եւ այնպէս, այսօր հրաժարելու վերաբերեալ ոչ մէկ քայլ պիտի չըլլայ, մենք հրաժարելու վերաբերեալ որոշման մասին ձեզի կը յայտնենք», ըսած է ան:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Թրամփ կրնայ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու մասին յայտարարութիւն կատարել: Պաղեստինեան կողմը, ինչպէս նաեւ շարք մը արաբական երկիրներ արդէն յայտարարած են, որ այդպիսի յայտարարութիւն մը կը յանգեցնէ արաբեւիսրայէլեան տագնապի սրումին եւ շրջանին մէջ իրավիճակի ապակայունացման:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր կարգին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու հաւանականութեան առնչութեամբ իր մտահոգութիւնը յայտնեց:
Մաքրոն Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Երուսաղէմի կարգավիճակի հարցը իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու ճամբով լուծելու կարեւորութիւնը շեշտեց:
Ֆրանսայի նախագահը նաեւ շեշտեց կարեւորութիւնը «երկու պետութիւններ» լուծումին, որուն ծիրին մէջ Երուսաղէմը կ՛ըլլայ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի հասարակաց մայրաքաղաքը: