Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հուսիները Ընկճա՞ծ Են Սալեհի Ըմբոստութիւնը. Սէուտական Ղեկավարութեամբ Դաշինքը Կ՛ողջունէ Սալեհի Բանակցութեան Առաջարկը

Դեկտեմբեր 4, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական ղեկավարութեամբ դաշինքը ողջունեց իրենց դէմ պայքարող Եմէնի նախկին նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի բանակցութեան առաջարկը:

Դաշինքը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Առաջնորդութիւն ստանձնելու եւ իրենց ժողովուրդին կողքին ըլլալու» որոշումը «Եմէնը պիտի փրկէ(…) Իրանի հաւատարիմ միլիսներէն»:

Սալեհ յայտնեց, որ պատրաստ է «էջը փակելու», եթէ դաշինքը վերցնէ շրջափակումը եւ դադրեցնէ իր յարձակումները: Սակայն մինչեւ այս շաբաթավերջ անոր դաշնակիցները եղող հուսիները զինք մեղադրեցին «դաւաճանութեան» համար:

Հուսիներու ղեկավար Ապտուլ Մալիք Հուսին Սալեհը ամբաստանեց սէուտցիներու կողքին կանգնելու յանցանքով: Ան ըսաւ, որ այդ դիրքորոշումին շուրջ արդէն կասկածներ գոյութիւն ունէին, «սակայն հիմա բացայայտ է»:

Նշենք, որ օրերէ ի վեր Սալեհի ուժերուն եւ հուսիներուն միջեւ մայրաքաղաք Սանաայի մէջ տեղի կ՛ունենան բախումներ: Հուսիներու բանբեր մը յայտնեց. «Սալեհի արտասանած ճառը յեղաշրջում մըն է մեր դաշինքին եւ գործընկերութեան դէմ… եւ բացայայտեց խաբէութիւնը անոնց, որոնք կը յաւակնին երկրին դէմ յարձակումին դէմ կանգնիլ»:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սէուտական դաշինքը կիրակի օր ռմբակոծեց Սանաայի մէջ հուսիներու դիրքերը` օժանդակելու համար Սալեհի ուժերուն:

Եմէնեան զինեալ ուժերու բանբեր Աշրաֆ Լաքման երէկ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ շաբաթ օր պատահածը պարզապէս պղպջակի մը պայթումն էր, որովհետեւ նախկին նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ խաղէն դուրս եկաւ եւ դաշնակցեցաւ Եմէնի դէմ յարձակում գործող ուժերուն հետ:

Ան նշեց, որ Սալեհի ղեկավարած Ժողովրդային ընդհանուր խորհրդաժողով կուսակցութեան մէկ մեծ հատուածը անդրադարձաւ կուսակցութեան ղեկավարութեան գործած սխալին` աւելցնելով, որ Սալեհ իր արարքով քանդեց իր վարկը:

Եմէնեան զինեալ ուժերուն բանբերը յայտարարեց, որ մայրաքաղաք Սանաան ամբողջութեամբ վերադարձաւ Եմէնի պետութեան ձեռքը` շեշտելով, որ մայրաքաղաքին մէջ ապահովական կացութիւնը կայունացած է եւ ամբողջովին հանդարտած:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հուսիներուն եւ Սալեհին կոչ ուղղեց «Եմէնի թշնամիներուն ճամբան փակելու»:

 

Նախորդը

Պաղեստինեան Պատուիրակութիւնը Պիտի Զգուշացնէ. «Իսրայէլի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատան Երուսաղէմ Փոխադրումը Կը Նշանակէ Խաղաղութեան Հոլովոյթի Աւարտը»

Յաջորդը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կը Հերքեն. Եմէնէն Թեւաւոր Հրթիռ Մը Արձակուած Է Ապու Տապիի Հիւլէական Կայանի Վայրին Դէմ

RelatedPosts

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի Միջնորդութեամբ  Թուրք-Իսրայէլեան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի Միջնորդութեամբ Թուրք-Իսրայէլեան Բանակցութիւններ

Մայիս 9, 2025
Ուշաքով. «Ալիեւ Մոսկուա Պիտի Չժամանէ»
Միջազգային

Ուշաքով. «Ալիեւ Մոսկուա Պիտի Չժամանէ»

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?