Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեք Կրնար Երկիրը Ծունկի Բերել» Կ՛ըսէ Էրտողան

December 5, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն պատժել եւ վարկաբեկել Թուրքիան, որովհետեւ չ՛ենթարկուիր անոնց կողմէ պարտադրուած դիպաշարերուն: Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Էրտողան այդ մասին յայտարարած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գործիչներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ:

«Անոնք (Միացեալ Նահանգները) կը փորձեն պատժել, դատապարտել եւ վարկաբեկել մեզ, որովհետեւ մենք չենք շարժիր անոնց դիպաշարերով, որոնք ակնյայտ են եւ կ՛իրականացուին մեր երկրին մէջ համահեղինակներու օգնութեամբ: Անոնք ատիկա կ՛ընեն ՖԵԹՕ-ի (Թուրք իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան, «Ա.») հետ: Սակայն պէտք է գիտնան, որ պիտի չկարենան մեզ խաբել», ըսած է ան:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ Ուաշինկթընը մեղադրած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան աջակցելու յանցանքով: Ան յայտարարած է, որ Թուրքիան 81 նահանգներով եւ 780 հազար քառակուսի քիլոմեթր ընդհանուր տարածքով ամբողջութիւն մըն է, եւ Անգարան պատրաստ է վճռական պատասխան տալու Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ուղղուած սպառնալիքներուն:

«Իբրեւ տեսանելի օրինակ կրնան ծառայել շրջանին մէջ ահաբեկիչներուն դէմ Թուրքիոյ օդուժին գործողութիւնները», նշած է ան:

Էրտողան նաեւ նշած է, որ Թուրքիոյ թշնամիները կը փորձեն առաւելագոյն վնաս հասցնել Անգարային:

«Այդ դիպաշարին մաս կը կազմեն Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն դէմ դատավարութիւնները: Թուրքիոյ թշնամիներուն աշխուժ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Ֆեթհուլլա Կիւլենի ահաբեկչական շարժումին աջակիցները», ըսած է ան:

«Ժողովուրդը պէտք է գիտնայ, որ Թուրքիոյ նկատմամբ յարձակումներու, սուտի եւ կեղծիքի հոսքը մաս կը կազմէ միասնական դիպաշարին, որ ուղղուած է թրքական հասարակութեան պառակտման: Բոլոր այդ փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան», յայտնած է Թուրքիոյ նախագահը:

Նախորդը

«Սարաֆի Խոստովանութիւնը Ծանր Կացութեան Կը Մատնէ Էրտողանը» Կը Գրէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»

Յաջորդը

Եգիպտոսն Ու Յորդանանը Կը Զգուշացնեն Միացեալ Նահանգները Երուսաղէմը Իբրեւ Իսրայէլի Մայրաքաղաք Ճանչնալու Հետեւանքներէն

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.