Հարաւային Քալիֆորնիոյ Վենթուրա գաւառին մէջ երէկ առաւօտեան ծագած հրդեհը արագօրէն տարածուեցաւ եւ քանի մը ժամուան մէջ 4000 հեկտար տարածք մը հրկիզեց` Լոս Անճելըսի հիւսիսը գտնուող այդ շրջանի բնակիչները մղելով փախուստի:
Պաշտօնատարներ կը յայտնեն, որ հրդեհը այժմ կը սպառնայ Սանթա Փաուլա եւ Վենթուրա քաղաքներուն:
Հրդեհը ծագած է Լոս Անճելըսէն 80 քիլոմեթր հիւսիս գտնուող Սանթա Փաուլայի մէջ` Թոմաս Աքուինաս քոլեճին մօտ: Քոլեճը յայտնեց, որ իր 350 աշակերտներն ու անձնակազմի անդամները հեռացուած են քոլեճէն:
Ժամական 115 քիլոմեթր արագութեամբ փչող հովին պատճառով բոցերը արագօրէն տարածուեցան եւ պատճառ դարձան, որ Վենթուրա գաւառի տարածքին առնուազն 1000 բնակարաններ դատարկուին:
Հարիւրաւոր հրշէջներ կը պայքարին հրդեհին դէմ:
Յիշեցնենք, որ հոկտեմբերին հիւսիսային Քալիֆորնիոյ շրջանին մէջ ծագած անտառային մեծ հրդեհներուն պատճառով արձանագրուած էին 16 զոհեր, իսկ 2000 կառոյցներ` քանդուած: