ՄԱԿ. «Անսարուլլայի` Սէուտական Արաբիոյ Ուղղութեամբ Արձակած Չորս Հրթիռները Իրանեան Արտադրութիւն Են»
ՄԱԿ-ի կողմէ պատժամիջոցներուն հսկող դէտերը իրենց պատրաստած գաղտնի զեկուցումին մէջ կը յայտնեն, որ այս տարի Եմէնէն Անսարուլլայի` Սէուտական Արաբիոյ ուղղութեամբ արձակած չորս հրթիռներու մնացորդները իրանեան արտադրութիւն են: Դէտերը կը նշեն, որ մինչեւ այժմ ապրիլ 2015-ին միջազգային պատժամիջոցները խախտելով այդ հրթիռները Անսարուլլային ուղարկուած հրթիռներու միջնորդին ինքնութեան վերաբերեալ որեւէ փաստ չկայ: ՄԱԿ-ի դէտերը այցելած են սէուտական երկու ռազմակայաններ` Սէուտական Արաբիոյ դէմ յարձակումներէն...




















