Միջազգային

Մենհեթընի Մէջ Ահաբեկչական  Գործողութիւն Մը Ձախողեցաւ

Մենհեթընի Մէջ Ահաբեկչական Գործողութիւն Մը Ձախողեցաւ

Երէկ Մենհեթընի մեթրոյի կայանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնառումբով յարձակում մը, որուն լոյսին տակ ամերիկեան ոստիկանութիւնը կայանը դատարկեց քաղաքացիներէն: Ամերիկեան լրատու գործակալութիւններ հաղորդեցին, որ արձանագրուած են վիրաւորներ: Աւելի ուշ Նիւ Եորքի քաղաքապետ` Պիլ Տի Պլազիոյ տեղեկացուց, որ քաղաքի ոստիկանութիւնը կրցած է իր հակակշիռին տակ առնել յարձակումը` աւելցնելով, որ ձեռնառումբը նախնական ձեւով պատրաստուած էր: Ան դիտել տուաւ, որ կացութիւնը վերադարձած է իր...

Ալիեւ Եւ Էրտողան «Սխալ» Կոչած Են  Երուսաղէմը Իսրայէլի Մայրաքաղաք  Ճանչնալու Մասին Թրամփի Որոշումը

Ալիեւ Եւ Էրտողան «Սխալ» Կոչած Են Երուսաղէմը Իսրայէլի Մայրաքաղաք Ճանչնալու Մասին Թրամփի Որոշումը

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը կոչած են «սխալ», որ կրնայ վտանգաւոր հետեւանքներու յանգեցնել Միջին Արեւելքի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը շաբաթ յայտնած է, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է Էրտողանի նախաձեռնութեամբ: «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ազրպէյճանի նախագահը...

Ըստ «Ճումհուրիյէթ»-ի.  Կիւլ Կրնայ Դարձեալ Առաջադրել  Իր Թեկնածութիւնը`  Թուրքիոյ Նախագահի Պաշտօնին

Ըստ «Ճումհուրիյէթ»-ի. Կիւլ Կրնայ Դարձեալ Առաջադրել Իր Թեկնածութիւնը` Թուրքիոյ Նախագահի Պաշտօնին

Թուրքիոյ 11-րդ նախագահ Ապտուլլա Կիւլ կրնայ դարձեալ առաջադրուիլ իբրեւ երկրի նախագահի թեկնածու` հաւաքելով առաջադրուելու համար անհրաժեշտ 100.000 ստորագրութիւնը: Այս մասին կը գրէ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը` յղում կատարելով Թուրքիոյ իշխող վերնախաւի իր աղբիւրներուն: Օրերս շարք մը ընդդիմադիր օրաթերթեր նկատած են, որ նախկին նախագահ Կիւլը վերջին շրջանին փոխած է իր «մարտավարութիւնը» եւ անցած ներկայ իշխանութեան առաւել աշխուժ քննադատութեան: Թերթերը կը շեշտեն, որ...

Ըստ «Էն.Պի.Սի.»-ի.  Իրանի Ծովուժի Նոր Հրամանատարը Մարտանաւեր  Պիտի Ուղարկէ Միացեալ Նահանգներու Ափերու Մօտ

Ըստ «Էն.Պի.Սի.»-ի. Իրանի Ծովուժի Նոր Հրամանատարը Մարտանաւեր Պիտի Ուղարկէ Միացեալ Նահանգներու Ափերու Մօտ

Իրան կը ծրագրէ «մօտիկ ապագային» իր մարտանաւերը ուղարկել Միացեալ Նահանգներու ափերու մօտ` Մեքսիքական ծոց եւ Ատլանտեան ովկիանոս: Ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի Իսլամական հանրապետութեան ծովուժի հրամանատար դերծովակալ Հոսէյն Խանզատին, որ 6 նոյեմբերին փոխարինած է Հապիպոլա Սայարիին: Դերծովակալը իր նշանակումէն ետք տուած առաջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խոստացած է, որ Իրանի ծովուժը այնպէս պիտի ընէ,...

Էրտողան Իսրայէլը Կոչած Է  Ահաբեկչական Պետութիւն

Էրտողան Իսրայէլը Կոչած Է Ահաբեկչական Պետութիւն

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իսրայէլը կոչած է ահաբեկչական պետութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»` նշելով, որ թուրք ղեկավարը քննադատած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու որոշումը: Էրտողան Իսրայէլի ոստիկանութիւնը մեղադրած է պաղեստինցի ցուցարարներու դէմ անհաւասար ուժի կիրարկման յանցանքով եւ Իսրայէլը անուանած է «բռնաճնշիչ բռնագրաւող պետութիւն»: Նախապէս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը արտակարգ նիստ գումարած էր...

Արաբական Լիկան Որոշեց Ապահովութեան  Խորհուրդին Մէջ Քայլերու Դիմել

Արաբական Լիկան Որոշեց Ապահովութեան Խորհուրդին Մէջ Քայլերու Դիմել

Արաբական լիկան Գահիրէի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով Երուսաղէմի հարցին վերաբերող իր արտակարգ նիստի աւարտին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը մերժէ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցող Միացեալ Նահանգներու որոշումը` զայն նկատելով միջազգային օրէնքի ոտնահարում մը: Հաղորդագրութիւնը դատապարտեց իր դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու Ուաշինկթընի որոշումը` նշելով, որ անիկա կը վնասէ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն, կը խորացնէ լարուածութիւնը, զայրոյթ կը յառաջացնէ եւ...

Նեթանիահու. «Երբ Պաղեստինցիները Ըմբռնեն,  Թէ Երուսաղէմը Իսրայէլի Մայրաքաղաքն Է,  Խաղաղութիւն Պիտի Հաստատուի»

Նեթանիահու. «Երբ Պաղեստինցիները Ըմբռնեն, Թէ Երուսաղէմը Իսրայէլի Մայրաքաղաքն Է, Խաղաղութիւն Պիտի Հաստատուի»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, թէ երբ պաղեստինցիները ըմբռնեն «Երուսաղէմի` Իսրայէլի մայրաքաղաքը ըլլալու իրականութիւնը», խաղաղութիւն պիտի հաստատուի: Նեթանիահու այս յայտարարութիւնը կատարեց երէկ, Փարիզի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ հանդիպումէն ետք: Ան յայտնեց, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին պիտի առաջարկէ խաղաղութեան հաստատման համար բանակցութեան սեղան նստիլ` նշելով, որ ներկայիս բազմաթիւ գաղտնի հանդիպումներ տեղի կ’ունենան Իսրայէլի եւ շրջանային շարք մը...

Օսլոյի Մէջ Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակը  Յանձնուած Է Հիւլէական Զէնքի  Ոչնչացման Միջազգային Արշաւին

Օսլոյի Մէջ Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակը Յանձնուած Է Հիւլէական Զէնքի Ոչնչացման Միջազգային Արշաւին

2017 թուականի Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակը Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ 10 դեկտեմբերին տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին յանձնուած է Հիւլէական զէնքի ոչնչացման միջազգային արշաւին: Այդ մասին յայտնած է Նորվեկեան նոպելեան հիմնարկը: Հիւլէական զէնքի ոչնչացման միջազգային արշաւի գործադիր տնօրէն Պէաթրիս Ֆին ներկայ եղած է Օսլոյի մէջ մրցանակաբաշխութեան, որուն ներկայ գտնուած է նաեւ Ճափոնէն Սեցուքօ Թերլոուն, որ վերապրած է 1945 թուականի Հիրոշիմայի ռմբակոծութենէն եւ...

Երուսաղէմի Մէջ Պաղեստինցի Երիտասարդ Մը  Դանակահարած Է Իսրայէլացի  Անվտանգութեան Աշխատակիցը

Երուսաղէմի Մէջ Պաղեստինցի Երիտասարդ Մը Դանակահարած Է Իսրայէլացի Անվտանգութեան Աշխատակիցը

Երուսաղէմի փոխադրակառքի կեդրոնական կայարանին մէջ պաղեստինցի երիտասարդ մը դանակահարած է Իսրայէլի անվտանգութեան մարմիններու անդամ մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Թայմզ աֆ Իսրայէլ» օրաթերթի կայքը` վկայակոչելով իսրայէլեան ոստիկանութիւնը: Ոստիկանութեան համաձայն, դէպքը ահաբեկչական յարձակում էր: Պաղեստինցին ձերբակալուած է տեղւոյն վրայ: Ոստիկանութեան հաղորդմամբ` ահաբեկիչը հանած է դանակը եւ դանակահարած անվտանգութեան աշխատակիցը, ապա փորձած է փախուստի դիմել, սակայն անոր ետեւէն վազած են ոստիկան...

Թուրքիոյ Եւ Յունաստանի Միջեւ  Գաղթականներու Հարցով Նոր Համաձայնութիւն

Թուրքիոյ Եւ Յունաստանի Միջեւ Գաղթականներու Հարցով Նոր Համաձայնութիւն

Թուրքիան եւ Յունաստանը համաձայնութիւն գոյացուցած են Յունաստանի ցամաքային մասէն գաղթականներու վերադարձի հոլովոյթին վերաբերեալ: «Տէօչէ Վելլէ»` յղում կատարելով յունական աղբիւրին, կը հաղորդէ, որ երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնութեան նպատակը գերծանրաբեռնուած յունական ճամբարներուն մէջ գաղթականներու թիւի նուազումն է: Անգարան եւ Աթէնքը համաձայնութիւնը գոյացուցած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Յունաստան կատարած երկօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ: Որդեգրուած միջոցները պէտք է համալրեն արդէն իսկ երկիրներուն...

Պաղեստինի Մէջ «Զայրոյթի Ուրբաթ».  Պաղեստին Երուսաղէմի Հարցով  Պիտի Դիմէ Միջազգային Դատարան

Պաղեստինի Մէջ «Զայրոյթի Ուրբաթ». Պաղեստին Երուսաղէմի Հարցով Պիտի Դիմէ Միջազգային Դատարան

Պաղեստինը պիտի դիմէ միջազգային դատարան` Միացեալ Նահանգներու կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու հարցով: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է Ռուսիոյ մէջ Պաղեստինի դեսպան Ապտել Հաֆեզ Նոֆալ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Պաղեստինը պիտի դիմէ՞ միջազգային դատարան, ան ըսած է. «Ի հարկէ»: Պաղեստինի դեսպանին համաձայն, ան Միացեալ Նահանգներու կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու հարցին առնչութեամբ հանդիպումներ ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց...

«Պրեքզիթ»-ի Շուրջ «Բեկումնային»  Համաձայնութիւն

«Պրեքզիթ»-ի Շուրջ «Բեկումնային» Համաձայնութիւն

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքեր երէկ կանուխ առաւօտեան Պրիւքսելի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ «Պրեքզիթ»-ի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ բաւարար յառաջդիմութիւն արձանագրուած է, ինչ որ ճամբան կը հարթէ Բրիտանիա-Եւրոպական Միութիւն ապագայ յարաբերութիւններուն շուրջ բանակցութիւններու համար: «Այսօրուան արդիւնքը, անշուշտ, փոխզիջում մըն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ բանակցութիւնները դժուար էին թէ՛ Բրիտանիոյ, թէ՛ ալ Եւրոպական Միութեան համար: Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ...

Պաղեստինեան Իշխանութիւնը  Կը Մերժէ Ընդունիլ  Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահը

Պաղեստինեան Իշխանութիւնը Կը Մերժէ Ընդունիլ Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահը

Պաղեստինեան իշխանութիւնը մերժեց հանդիպում ունենալ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի հետ` իբրեւ բողոք Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի քայլին: Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի ղեկավարած Ֆաթհ շարժումէն բարձրաստիճան պաշտօնատար Ժըպրիլ Ռաժուպ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահին` պաղեստինեան տարածքներուն մէջ ներկայութիւնը «ողջունելի չէ» եւ անոր հետ հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ: Փենս կը պատրաստուի դեկտեմբերին այցելել Իսրայէլ, զուգահեռ`...

Երուսաղէմի Եւ Պաղեստինեան Այլ  Շրջաններու Մէջ Բողոքի Ցոյցեր Ու Բախումներ

Երուսաղէմի Եւ Պաղեստինեան Այլ Շրջաններու Մէջ Բողոքի Ցոյցեր Ու Բախումներ

Երուսաղէմի մէջ, մասնաւորաբար Պապ Ամուտի աստիճաններուն մօտ երէկ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան քաղաքը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին դէմ: Ռամալլայի Գալիլիա քաղաքին մէջ իսրայէլեան ուժերը բռնի ուժ եւ արցունքաբեր կազեր օգտագործեցին ցուցարարներուն դէմ: Ժենինի մէջ հազարաւոր պաղեստինցիներ «Երուսաղէմի համար միլիոններով նահատակ կ՛երթանք» բացագանչութիւններով ցոյց կատարեցին: Իսրայէլեան ուժերը բռնի ուժ կիրարկեցին նաեւ Բեթղեհէմի մէջ պաղեստինցի ցուցարարներուն դէմ...

Երուսաղէմի Վերաբերեալ Թրամփի Որոշումին  Միջազգային Հակազդեցութիւնները Կը Շարունակուին

Երուսաղէմի Վերաբերեալ Թրամփի Որոշումին Միջազգային Հակազդեցութիւնները Կը Շարունակուին

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Երուսաղէմի վերաբերեալ յայտարարութիւնը շատ մտահոգիչ ազդեցութեան ներուժ ունի: Ասիկա շատ նուրբ համաթեքսթ է, եւ այս յայտարարութիւնը կրնայ մեզի վերադարձնել ալ աւելի մութ օրեր, քան այն, որուն մէջ մենք կ՛ապրինք այսօր: «Եւրոպական Միութիւնը յստակ եւ միասնական կարծիք ունի....

Էրտողան. «Լոզանի Դաշնագիրը  Վերատեսութեան Կարիքը Ունի»

Էրտողան. «Լոզանի Դաշնագիրը Վերատեսութեան Կարիքը Ունի»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Յունաստան կատարած այցելութենէն քանի մը ժամ առաջ յունական «Սքայի» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, թէ Լոզանի դաշնագիրը վերատեսութեան կարիքը ունի: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Յունաստանի կառավարութեան բանբերը արդէն յայտարարած է Էրտողանի հարցազրոյցին առնչութեամբ «լուրջ մտավախութիւններու» մասին: Լոզանի դաշնագիրը, այլ հարցերու կողքին, կը հաստատէ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանները եւ կը...

Թրամփ Երուսաղէմը Ճանչցաւ Իսրայէլի  Մայրաքաղաք Եւ Յայտարարեց Ամերիկեան  Դեսպանատան Փոխադրումը

Թրամփ Երուսաղէմը Ճանչցաւ Իսրայէլի Մայրաքաղաք Եւ Յայտարարեց Ամերիկեան Դեսպանատան Փոխադրումը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ  ամերիկեան դեսպանատան Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրումը յայտարարեց` աւելցնելով. «Որոշեցի, որ ժամանակը հասած է Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու»: Թրամփ Սպիտակ տան մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «կարելի չէ բոլոր հարցերը նոյն ձախող ենթադրութիւններով լուծել», եւ այսօրուան յայտարարութիւնը «պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին լուծման ուղղութեամբ նոր մօտեցումի մը սկիզբն է»: Ան նշեց, որ Քոնկրեսը Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը ճանչնալու ...

Բրիտանական Ոստիկանութիւնը Կանխարգիլած Է  Վարչապետ Մէյի Դէմ Մահափորձը

Բրիտանական Ոստիկանութիւնը Կանխարգիլած Է Վարչապետ Մէյի Դէմ Մահափորձը

Բրիտանիոյ անվտանգութեան ծառայութիւնները յայտարարած են, որ տապալած են թագաւորութեան վարչապետ Թերեզա Մէյի ահաբեկման ծրագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը: Ոստիկանութիւնը երկու մարդ ձերբակալած է վարչապետի սպանութիւնը նախապատրաստելու կասկածով: Անոնք կը պատրաստուէին պայուսակի մը մէջ թաքցուած ռումբը օգտագործել վարչապետի նստավայրին դարպասները պայթեցնելու համար, որմէ ետք դանակներով յարձակիլ վարչապետին վրայ: Կասկածելիները ձերբակալուած են Լոնտոնի եւ Պըրմինկհամի մէջ անցեալ շաբաթ կատարուած...

Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու  Կոմիտէն Ազրպէյճանի Դէմ Աննախադէպ  Դատական Քննութիւն Յարուցած Է

Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու Կոմիտէն Ազրպէյճանի Դէմ Աննախադէպ Դատական Քննութիւն Յարուցած Է

Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն 5 դեկտեմբերին յարուցած է նախադէպ չունեցող դատական քննութիւն Ազրպէյճանի կողմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին արձակած վճիռը չկատարելու վերաբերեալ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեան: «Նախապէս որեւէ պետութեան վերաբերեալ նախարարներու կոմիտէն այդպիսի որոշում չէ տուած: Յիշեցնեմ, որ գործը կը վերաբերէր ազրպէյճանցի յայտնի ընդդիմադիր Իլկար Մամետովի ապօրինի դատապարտման: 2014 թուականէն...

Քալիֆորնիոյ Մէջ Արտակարգ Դրութիւն`  Անտառային Հրդեհներու Պատճառով

Քալիֆորնիոյ Մէջ Արտակարգ Դրութիւն` Անտառային Հրդեհներու Պատճառով

Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի նահանգապետ Ճերի Պրաուն արտակարգ դրութիւն յայտարարած է Վենթուրա շրջանին մէջ, ինչ որ պայմանաւորուած է արդէն քանի մը օրէ ի վեր մոլեգնող անտառային հրդեհներով: Այս մասին կը հաղորդէ «Լոս Անճելըս Տէյլի Նիուզ» օրաթերթը: «Այս հրդեհը շատ վտանգաւոր է եւ արագօրէն կը տարածուի, սակայն մենք բոլոր միջոցներով պիտի պայքարինք ատոր դէմ: Ես` Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաունս, արտակարգ դրութիւն...

Page 649 of 883 1 … 648 649 650 … 883

Արխիւներ