Միջազգային

«Իրանի Մէջ Անկարգութիւններու Ետին Կանգնած Են  Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլն Ու Սէուտական Արաբիան»  Կ՛ըսէ Իրանի Ընդհանուր Դատախազը

«Իրանի Մէջ Անկարգութիւններու Ետին Կանգնած Են Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլն Ու Սէուտական Արաբիան» Կ՛ըսէ Իրանի Ընդհանուր Դատախազը

Իրանի ընդհանուր դատախազ Մոհամետ Զաֆար Մոնթազերի յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլն ու Սէուտական Արաբիան կազմակերպած են դաւադրութիւն մը, որուն նպատակը Իրանի մէջ անկարգութիւններու հրահրումն էր: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Մոնթազերի կը յայտնէ, որ այդ ծրագիրի գլխաւոր նախագծողն ու անկարգութիւններու հրահրման խումբը ստեղծողը Մայքըլ Տ՛Անտրիան է, որ նախապէս գլխաւորած է «Սի.Այ.Էյ.»-ի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժինը: «Իրանի մէջ...

Ուաշինկթըն Կը Դադրեցնէ Փաքիստանին  Տրամադրուող Ելեւմտական Օժանդակութիւնը

Ուաշինկթըն Կը Դադրեցնէ Փաքիստանին Տրամադրուող Ելեւմտական Օժանդակութիւնը

Միացեալ Նահանգներ այլեւս անվտանգութեան ոլորտին վերաբերող ելեւմտական օժանդակութիւն պիտի չտրամադրեն Փաքիստանին: «Քորրեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ: Ան շեշտած է, որ Ուաշինկթըն պիտի չվերականգնէ ելեւմտական օժանդակութիւնը, մինչեւ որ Իսլամապատ սկսի քայլերու ձեռնարկել Թալեպան շարժումին եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ: «Մենք կրնանք հաստատել, որ կը դադրեցնենք Փաքիստանին տրուող եւ անվտանգութեան ոլորտին...

Երկամեայ Ընդհատումէ Ետք.  Քորէաները Յառաջիկայ Շաբաթ  Պիտի Վերադառնան Բանակցութեան Սեղան

Երկամեայ Ընդհատումէ Ետք. Քորէաները Յառաջիկայ Շաբաթ Պիտի Վերադառնան Բանակցութեան Սեղան

Աւելի քան երկու տարուան ընդհատումէ ետք երկու Քորէաները յառաջիկայ շաբաթ պիտի վերադառնան բանակցութեան սեղան: Միացեալ Նահանգներու եւ Հարաւային Քորէայի միացեալ ռազմափորձերուն ջնջումէն հազիւ ժամեր ետք, Փիոնկ Եանկ ընդունեց երկխօսութիւն կատարելու Սէուլի առաջարկը: Հարաւային Քորէայի միութեան հարցերու նախարարութիւնը յայտնեց, որ Հիւսիսային Քորէան տեղեկացուցած է, թէ համաձայն է երեքշաբթի, 9 յունուարին հանդիպում ունենալու: Երկու կողմերուն միջեւ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր դեկտեմբեր...

Իրան Միացեալ Նահանգներուն Դէմ Բողոք  Կը Ներկայացնէ ՄԱԿ-ի  Ապահովութեան Խորհուրդին

Իրան Միացեալ Նահանգներուն Դէմ Բողոք Կը Ներկայացնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի պատուիրակութիւնը հրապարակեց ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մնայուն ներկայացուցիչ Ղուլամ Ալի Խոշրոյի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին յղած նամակը, որուն մէջ ան կը նշէ. «Ամերիկեան ներկայ վարչակազմը միջազգային օրէնքի եւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ քաղաքակիրթ վարմունքին վերաբերող սկզբունքներու ոտնահարման մէջ ամէն սահման կ՛անցնի»: «Ամերիկան ցուցարարներուն աջակցութիւն տրամադրելու պատրուակով աճեցուց իր միջամտութիւնները», կ՛աւելցնէ ան: Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի իր...

Քնեսեթը Որդեգրեց Գործողութիւններու  Հեղինակներուն, Երուսաղէմի Եւ Կոլանի  Բնակիչներուն Դէմ Որոշում Մը

Քնեսեթը Որդեգրեց Գործողութիւններու Հեղինակներուն, Երուսաղէմի Եւ Կոլանի Բնակիչներուն Դէմ Որոշում Մը

Իսրայէլեան խորհրդարանը` Քնեսեթը առաջին ընթերցումով որդեգրեց իսրայէլացի զինուորներուն դէմ գործողութիւններ կատարողները մահապատիժի ենթարկելու որոշում մը: Նշեալ որոշումին քննարկումը պիտի շարունակուի իսրայէլեան նախարարաց սեղմ խորհուրդին մէջ, որմէ ետք պիտի վերադարձուի Քնեսեթ` երկրորդ եւ երրորդ ընթերցումով քուէարկութեան դրուելու համար: Քնեսեթը առաջին ընթերցումով որդեգրեց նաեւ օրէնք մը, որ արտաքին գործոց նախարարը կը լիազօրէ մնայուն կեցութեան կամ մուտքի արտօնագրէ զրկելու Երուսաղէմի եւ բռնագրաւեալ Կոլանի...

Նշելով, Որ Ուաշինկթըն Երբեք Խաղաղութեան  Բանակցութեան Միջնորդ Պիտի Չըլլայ.  «Դուն Խնդիրին Մաս Կը Կազմես Եւ Ոչ Թէ Լուծումին»  Թրամփին Կ՛ըսէ Օրէյքաթ

Նշելով, Որ Ուաշինկթըն Երբեք Խաղաղութեան Բանակցութեան Միջնորդ Պիտի Չըլլայ. «Դուն Խնդիրին Մաս Կը Կազմես Եւ Ոչ Թէ Լուծումին» Թրամփին Կ՛ըսէ Օրէյքաթ

Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) աւագ բանագնաց Սայէպ Օրէյքաթ, իր խօսքը ուղղելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, ըսաւ, որ «դուն խնդիրին մաս կը կազմես եւ ոչ թէ լուծումին»` աւելցնելով. «Երբեք խաղաղութեան բանակցութեան մէջ միջնորդ պիտի չըլլաս»: Ան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները «երբեք խաղաղութեան բանակցութեան միջնորդ կամ հովանաւոր պիտի չըլլան, եւ անոնք իրենք զիրենք մեկուսացնել ընտրեցին»: Յիշեցնենք, որ Թրամփ դեկտեմբեր 2017-ին յայտարարած...

Փաքիստանեան Բանակ. «Պիտի Հակադարձենք  Միացեալ Նահանգներու Որեւէ Արարքի»

Փաքիստանեան Բանակ. «Պիտի Հակադարձենք Միացեալ Նահանգներու Որեւէ Արարքի»

Փաքիստանեան բանակի բանբեր հազարապետ-զօրավար Ասեֆ Ղաֆուր յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի հակադարձէ Միացեալ Նահանգներու որեւէ արարքի: Ղաֆուր յայտնեց. «Փաքիստան կ՛ուզէ շարունակել Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցութիւնը, սակայն, իր ազգային շահերէն ու հանգամանքէն մեկնելով»: «Ուաշինկթընի կողմէ որեւէ շօշափելի արարքի պիտի պատասխանենք փաքիստանցի ժողովուրդին փափաքին համաձայն», աւելցուց ան: «Միացեալ Նահանգներ պէտք է գիտակցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Փաքիստանի գործակցութեան տարողութեան», ըսաւ Ղաֆուր` աւելցնելով....

Էրտողան Այսօր Կ՛Այցելէ Փարիզ.  Մաքրոն Կը Խոստանայ Քննարկել Թուրքիոյ Մէջ  Բանտարկուած Լրագրողներու Հարցը

Էրտողան Այսօր Կ՛Այցելէ Փարիզ. Մաքրոն Կը Խոստանայ Քննարկել Թուրքիոյ Մէջ Բանտարկուած Լրագրողներու Հարցը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ այսօր Փարիզի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ պիտի քննարկէ Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած լրագրողներուն հարցը: Մաքրոն Էլիզէի պալատին մէջ տօնական օրերուն առիթով կազմակերպուած լրագրողներու ընդունելութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Քանի մը օրէն պիտի շարունակեմ Թուրքիոյ հետ քննարկել բանտարկուած եւ իրենց ասպարէզին մէջ գործելէ արգիլուած լրագրողներուն հարցը»: «Ատիկա պիտի կատարեմ յարգալից կերպով,...

«Կը Ջանանք Երուսաղէմի Մէջ Ու Անոր  Մերձակայքը Ապրող  Պաղեստինցիներուն Աջակցիլ»  Կ՛ըսէ Քալըն

«Կը Ջանանք Երուսաղէմի Մէջ Ու Անոր Մերձակայքը Ապրող Պաղեստինցիներուն Աջակցիլ» Կ՛ըսէ Քալըն

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ ռուսական «Էս-400» հրթիռային համակարգը պաշտպանութեան համապարփակ համակարգ մըն է, եւ զայն գործի լծելէ առաջ թուրք զինուորներու մարզումի փուլ մը պիտի ըլլայ: «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ամերիկային դիմած էր պաշտպանական համակարգ մը գնելու համար, սակայն Միացեալ Նահանգներ մեզի հետ չգործակցեցան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եթէ Ամերիկան համաձայն գտնուէր Թուրքիոյ պաշտպանական համակարգ ծախելուն, Ուաշինկթընի եւ...

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կը Մերժէ  Մեկնաբանել Քաթալոնիոյ  Ընտրութիւններուն Արդիւնքները

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կը Մերժէ Մեկնաբանել Քաթալոնիոյ Ընտրութիւններուն Արդիւնքները

Եւրոպական յանձնաժողովը մերժած է մեկնաբանել Քաթալոնիոյ մէջ տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները: «Փանորամա» կը հաղորդէ, որ այս մասին Պրիւքսելի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է յանձնաժողովի բանբեր Մինա Անտրիեւան: «Քաթալոնիոյ վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը շատ ծանօթ է: Մենք մեկնաբանութիւն չունինք շրջանային ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ», ըսած է ան: Նշենք, որ 21 դեկտեմբեր 2017-ին Քաթալոնիոյ մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ, որոնց...

Պայթում Վիեթնամի Մէջ

Պայթում Վիեթնամի Մէջ

Վիեթնամի մայրաքաղաք Հանոյի մօտ գտնուող բնակելի թաղամասի մը մէջ տեղի ունեցած է պայթում մը, որուն պատճառով մահացած են երկու երեխաներ եւ վիրաւորուած վեց չափահասներ: Այս մասին կը հաղորդէ վիեթնամեան «Վնէքսփրես» օրաթերթը: Աղբիւրին ունեցած տուեալներուն համաձայն, դէպքը տեղի ունեցած է երէկ առաւօտեան` Պանքին գաւառի բնակելի թաղամասին մէջ, որուն բնակիչները կը զբաղէին ջարդօն հաւաքելով: Գաւառի վարչակազմին հաղորդումով` տեղի ունեցած է անծանօթ պայթուցիկ...

Իրանեան Քաղաքներու Մէջ Վարչակազմին  Զօրակցութեան Ցոյցեր.  Յեղափոխական Պահակագունդի Հրամանատարը  Յայտարարեց Իրանի Մէջ  «2017-ի Սադրանք»-ի Պարտութիւնը

Իրանեան Քաղաքներու Մէջ Վարչակազմին Զօրակցութեան Ցոյցեր. Յեղափոխական Պահակագունդի Հրամանատարը Յայտարարեց Իրանի Մէջ «2017-ի Սադրանք»-ի Պարտութիւնը

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Ալի Ժաաֆարի յայտարարեց Իրանի մէջ «2017-ի սադրանք»-ի պարտութիւնը: «Թշնամիները չեն կրնար զինուորական գետնի վրայ սպառնալ Իրանին, ուստի աշխատանք կը տանին զայն մշակութային, տնտեսական ու զինուորական գետնի վրայ վտանգելու», ըսաւ ան: Ժաաֆարի իրանեան պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ամերիկան, Իսրայէլն ու Սէուտական Արաբիան ՏԱՀԵՇ-ին հրամայեցին մուտք գործելու Իրան: Անոր անդամներէն ոմանք նոյնիսկ մուտք գործեցին խափանարարական արարքներ գործելու...

Ռուհանիի Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Ընթացքին.  «Իրանի Մէջ Կայունութիւնն Ու Հանգստութիւնը  Կարեւոր Են Անգարայի Համար»  Կ՛ըսէ Էրտողան

Ռուհանիի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. «Իրանի Մէջ Կայունութիւնն Ու Հանգստութիւնը Կարեւոր Են Անգարայի Համար» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շեշտեց Իրանի մէջ ընկերային խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, իսկ Ռուհանի յոյս յայտնեց, որ ցոյցերը քանի մը օրէն վերջ կը գտնեն: Թրքական վարչակազմէն աղբիւր մը «Տէյլի Սապահ» օրաթերթին յայտնեց, որ Էրտողան աջակցութիւն յայտնած է Իրանի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերու Ռուհանիի գնահատականին: Էրտողան ըսաւ,...

Պաղեստինցիները Կը Մերժեն  Թրամփի Շանթաժը.  Թրամփ Կը Սպառնայ Դադրեցնել  Պաղեստինցիներուն Տրամադրուած Օժանդակութիւնը

Պաղեստինցիները Կը Մերժեն Թրամփի Շանթաժը. Թրամփ Կը Սպառնայ Դադրեցնել Պաղեստինցիներուն Տրամադրուած Օժանդակութիւնը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրառում կատարելով յայտնեց, որ իր երկիրը կրնայ դադրեցնել օժանդակութիւնը պաղեստինցիներուն, որոնք «այլեւս չեն ուզեր խաղաղութեան շուրջ բանակցիլ»: Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներ իրենց տրամադրած օժանդակութեան համար «գնահատանքի կամ յարգանքի» չեն արժանացած: Ան նաեւ յայտնեց, որ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու իր քայլը այդ մեծապէս վիճելի հարցը խաղաղութեան նոր բանակցութիւններու «սեղանէն վերցուցած է»:...

Ուաշինկթըն-Իսլամապատ Բանավէճ.  Սպիտակ Տուն. «Փաքիստան Շատ Բան Ունի  Կատարելիք Ահաբեկչութիւնը Զսպելու Համար»

Ուաշինկթըն-Իսլամապատ Բանավէճ. Սպիտակ Տուն. «Փաքիստան Շատ Բան Ունի Կատարելիք Ահաբեկչութիւնը Զսպելու Համար»

Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սանտըրզ յայտնեց. «Փաքիստան շատ բան ունի կատարելիք ահաբեկչութիւնը զսպելու համար, եւ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն, որ անիկա ատոնք կատարէ»: Սանտըրզ այս յայտարարութիւնը կատարեց 2018-ի իր առաջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, երբ անդրադարձաւ երկուշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի «Թուիթըր»-ի վրայ կատարած յայտարարութեան, որուն մէջ Թրամփ Իսլամապատը ամբաստանեց ահաբեկչութեան զօրակցութեամբ: «Վերջին 15 տարիներուն ընթացքին անոնք մեզմէ ստացած են...

Սուտանի Իշխանութիւնները Ժամանակաւորապէս  Թուրքիոյ «Փոխանցած» Են Սուաքին Կղզին

Սուտանի Իշխանութիւնները Ժամանակաւորապէս Թուրքիոյ «Փոխանցած» Են Սուաքին Կղզին

Սուտանի իշխանութիւնները համաձայնած են Սուաքին կղզին վարձու տալ Թուրքիոյ: Թուրքիան կը պատրաստուի յառաջիկային ռազմանաւերու համար նոր նաւահանգիստ կառուցել կղզիին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Տիքեն» կայքը: Լուրին մասին առաջինը յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, ապա անիկա հաստատուած է Սուտանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ: Թրքական իշխանութիւնները կը պատրաստուին նախապէս Օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուած կղզին վերակառուցել եւ բանալ զբօսաշրջութեան համար:...

Փենս Այս Ամիս  Պիտի Այցելէ Եգիպտոս Եւ Իսրայէլ

Փենս Այս Ամիս Պիտի Այցելէ Եգիպտոս Եւ Իսրայէլ

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի մամլոյ քարտուղարի տեղակալ Ճերըտ Էյճըն յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի կողմէ Միջին Արեւելք կատարելիք իր այցելութիւնը ջնջելու մասին կարգ մը լրատուամիջոցներու հաղորդումները ճշգրիտ չեն»: Էյճըն ընկերային ցանցի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայքըլ Փենս հետագային այս ամսուան ընթացքին պիտի այցելէ Եգիպտոս եւ Իսրայէլ, եւ կարգ մը լրատուամիջոցներու հաղորդած հակասական լուրերը ճիշդ չեն»: Իսրայէլեան...

Իրանի Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը  Հանդարտութեան Վերականգնումը Յայտարարեց

Իրանի Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Հանդարտութեան Վերականգնումը Յայտարարեց

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի բանբեր Ռամատան Շարիֆ յայտնեց, որ մայրաքաղաք Թեհրանի եւ իրանեան մնացեալ քաղաքներուն մէջ կացութիւնը վերահսկողութեան տակ է` աւելցնելով, որ ներկայիս Յեղափոխական պահակագունդի ուժերուն միջամտութեան կարիքը չկայ, որովհետեւ ոստիկանութեան եւ ներքին ապահովութեան ուժերը լաւապէս կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը: Ան նշեց, որ իրանեան կարգ մը քաղաքներ ժողովրդային կամաւորական ուժերուն` Պասիժի օժանդակութիւնը խնդրած են: Յեղափոխական պահակագունդի Սարալլա կեդրոնի տեղակալ հազարապետ Իսմայիլ...

Քնեսեթը Վաւերացուց «Երուսաղէմը  Իսրայէլի Մայրաքաղաք» Օրինագիծը

Քնեսեթը Վաւերացուց «Երուսաղէմը Իսրայէլի Մայրաքաղաք» Օրինագիծը

Իսրայէլի խորհրդարանը երկրորդ եւ երրորդ ընթերցումով վաւերացուց «Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք» օրինագիծը: Քնեսեթի 64 անդամներ թեր քուէարկեցին, 52 անդամներ` դէմ, իսկ մէկ երեսփոխան մնաց ձեռնպահ: Քնեսեթը նախապէս վաւերացուցած էր Երուսաղէմի վերաբերեալ հիմնական օրէնքի բարեփոխումը, որուն համաձայն` Երուսաղէմի վերաբերող որեւէ հարցի վաւերացման համար, նոյնիսկ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման ծիրին մէջ, պէտք է 80 քուէ ապահովել: Իսրայէլեան Լիքուտ կուսակցութիւնը վաւերացուցած էր Այսրյորդանանի եւ Երուսաղէմի...

Մաքրոն. «Ֆրանսան Պէտք Է Վերագտնէ  Իր Եւրոպական Յաւակնութիւնները»

Մաքրոն. «Ֆրանսան Պէտք Է Վերագտնէ Իր Եւրոպական Յաւակնութիւնները»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր ամանորեան առաջին ուղերձին մէջ յայտարարած է. «Ֆրանսան ի վիճակի պիտի չըլլայ բարեկեցութեան հասնիլ առանց Եւրոպայի»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Անոր համաձայն, 2018 թուականը որոշիչ պիտի ըլլայ Եւրոպայի ապագայի տեսանկիւնէն: «Տնտեսական, ընկերային եւ գիտական ներուժը Եւրոպական Միութեան կարելիութիւն պիտի տայ չզիջելու Չինաստանին եւ Միացեալ Նահանգներուն: Ատոր հետ մէկտեղ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է շարունակէ...

Page 644 of 883 1 … 643 644 645 … 883

Արխիւներ