Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Ջանանք Երուսաղէմի Մէջ Ու Անոր Մերձակայքը Ապրող Պաղեստինցիներուն Աջակցիլ» Կ՛ըսէ Քալըն

January 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ ռուսական «Էս-400» հրթիռային համակարգը պաշտպանութեան համապարփակ համակարգ մըն է, եւ զայն գործի լծելէ առաջ թուրք զինուորներու մարզումի փուլ մը պիտի ըլլայ:

«Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ամերիկային դիմած էր պաշտպանական համակարգ մը գնելու համար, սակայն Միացեալ Նահանգներ մեզի հետ չգործակցեցան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եթէ Ամերիկան համաձայն գտնուէր Թուրքիոյ պաշտպանական համակարգ ծախելուն, Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւնները աւելի լաւ պիտի ընթանային»:

«Ռուսիայէն պաշտպանական համակարգ գնելը չի նշանակեր, թէ կողմէ մը հեռացանք ի նպաստ այլ կողմի», ըսաւ ան:

«Էրտողան խիստ որոշումներ տուաւ Երուսաղէմի շուրջ ամերիկեան որոշումին վերաբերեալ, եւ Թուրքիան ներկայիս լրջօրէն կ՛աշխատի քաղաքը իբրեւ Պաղեստինեան պետութեան մայրաքաղաք ճանչնալու համար», յայտնեց Քալըն:

Թուրքիոյ նախագահի բանբերը աւելցուց. «Թուրքիա կը ջանայ աջակցիլ այն պաղեստինցիներուն, որոնք Երուսաղէմի մէջ ու անոր մերձակայքը կը բնակին, եւ իսրայէլեան բռնագրաւումի զինուորներուն կողմէ շատ նեղութիւններու կ՛ենթարկուին: Էրտողան Երուսաղէմի բնակիչներուն ֆինանսաւորման ու տնտեսական գետնի վրայ աջակցելու ծրագիր մը ունի»:

Խօսելով Իրանի վերջին իրադարձութիւններուն մասին` Քալըն ըսաւ. «Իրանի մէջ կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը մեզի համար շատ կարեւոր հարց է, եւ եթէ գոյութիւն ունին արտաքին կողմեր, որոնք Իրանի մէջ քաոս կ՛ուզեն, պէտք է անոնց յիշեցնենք, որ անիկա իրենց դէմ պիտի դառնայ»:

«Մենք կը մերժենք արտաքին յայտարարութիւններու եւ թուիթըրեան գրառումներու ճամբով իրանեան հասարակութեան անվտանգութեան ու խաղաղութեան վնասելու ձգտող միջամտութիւնները», ըսաւ ան:

Նախորդը

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կը Մերժէ Մեկնաբանել Քաթալոնիոյ Ընտրութիւններուն Արդիւնքները

Յաջորդը

Էրտողան Այսօր Կ՛Այցելէ Փարիզ. Մաքրոն Կը Խոստանայ Քննարկել Թուրքիոյ Մէջ Բանտարկուած Լրագրողներու Հարցը

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.