Միջազգային

Ըստ Աշխատանքի Միջազգային  Կազմակերպութեան.  2017-ին Աշխարհի Վրայ Գործազուրկներուն  Թիւը Անցած Է 200 Միլիոնը

Ըստ Աշխատանքի Միջազգային Կազմակերպութեան. 2017-ին Աշխարհի Վրայ Գործազուրկներուն Թիւը Անցած Է 200 Միլիոնը

Աշխատանքի միջազգային գործակալութիւնը իր «2017-ի միջազգային աշխատանքային ուժն ու ընկերային հեռանկարները» խորագիրով տարեկան զեկուցումին մէջ հաղորդեց, որ աշխարհի տարածքին գործազուրկներուն թիւը անցեալ տարուան համեմատ 3,4 միլիոնով աւելնալով անցած է 200 միլիոնը: Կազմակերպութիւնը զգուշացուց փոքր առեւտուրներու լճացումէն ու զարգացող տնտեսութեանց վրայ անոր ժխտական ազդեցութենէն` նշելով, որ աշխատանքի ուժին աւելի քան կէսը կը գործէ փոքր ու միջին չափի ընկերութիւններու մէջ:  

Եգիպտոս.  Հալուանի Մէջ Եկեղեցւոյ Մը Դէմ  Ահաբեկչական Յարձակում

Եգիպտոս. Հալուանի Մէջ Եկեղեցւոյ Մը Դէմ Ահաբեկչական Յարձակում

9 անձեր զոհուեցան եւ 5 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ երէկ Գահիրէի հարաւը գտնուող Հալուան շրջանին մէջ Մար Մինա եկեղեցւոյ դէմ ահաբեկչական յարձակում մը տեղի ունեցաւ: Եգիպտական ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ յարձակումին հեղինակ ահաբեկիչը սպաննուած է: Եգիպտական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ յարձակումին դիմակայման ընթացքին սպայ մը եւ երկու զինուորներ զոհուած են: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ յարձակումը տեղի ունեցած է, երբ եկեղեցւոյ մօտ շրջագայող ոստիկանները...

Ուաշինկթըն Եւ Անգարա Վերականգնեցին  Մուտքի Արտօնագիրներու Տրամադրումը

Ուաշինկթըն Եւ Անգարա Վերականգնեցին Մուտքի Արտօնագիրներու Տրամադրումը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կը վերականգնեն մուտքի արտօնագիրներու տրամադրումը Թուրքիոյ: «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը վստահ է, որ անվտանգութեան հետ կապուած կացութիւնը զգալիօրէն բարելաւուած է, որպէսզի ամբողջութեամբ վերականգնուին Թուրքիոյ մէջ մուտքի արտօնութեան ծառայութիւնները: Բայց եւ այնպէս, մենք կը շարունակենք լուրջ մտահոգութիւններ ունենալ Թուրքիոյ մէջ մեր առաքելութեան տեղացի աշխատակիցներու դէմ գոյութիւն ունեցող մեղադրանքներու առնչութեամբ: Մենք...

Միացեալ Նահանգներ Եւ Իսրայէլ Իրանի  Վերաբերեալ Գաղտնի Համաձայնագիր Կնքած Են

Միացեալ Նահանգներ Եւ Իսրայէլ Իրանի Վերաբերեալ Գաղտնի Համաձայնագիր Կնքած Են

Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ գաղտնի համաձայնագիր կնքած են Իրանի քաղաքականութեան հակազդելու նպատակով համագործակցութեան վերաբերեալ: «Արմէնփրես» կը նշէ, որ այդ մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը: Կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցած են ընթացիկ տարուան 12 դեկտեմբերին` Ուաշինկթընի մէջ: Համաձայնութեան գլխաւոր նիւթը հակազդումն է Իրանի հրթիռային եւ հիւլէական ծրագիրին իրագործման, եւ կը նախատեսէ իրագործումը իրանեան հիւլէական ծրագիրի շուրջ համաձայնագիրի վերատեսութեան մասին Միացեալ Նահանգներու...

Նիւ Եորքի Մէջ Տասնամեակներէ  Ի Վեր Յոռեգոյն Հրդեհը Պատճառեց 12 Զոհ

Նիւ Եորքի Մէջ Տասնամեակներէ Ի Վեր Յոռեգոյն Հրդեհը Պատճառեց 12 Զոհ

12 անձեր, ներառեալ երեխայ մը զոհուեցան Նիւ Եորքի Պրոնքս թաղամասի բնակելի շէնքերէն մէկուն մէջ բռնկած հրդեհին պատճառով: Նիւ Եորքի քաղաքապետ Պիլ տէ Պլացիօ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ արձանագրուած վիրաւորներէն չորսը կը գտնուին ծանր վիճակի մէջ եւ զոհերու թիւը կրնայ աճիլ: Պրոնքսի շրջանին մէջ տեղի ունեցած հրդեհը տասնամեակներէ ի վեր քաղաքին մէջ արձանագրուած մեծագոյն ողբերգութիւնն է: «Խօսքով կարելի չէ...

Քապուլի Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն Մը  Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր

Քապուլի Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն Մը Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր

Առնուազն 40 անձեր սպաննուեցան եւ 30 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ տեղի ունեցաւ անձնասպանական գործողութիւն մը: Գործողութեան թիրախներն էին շիի «Թապայան» մշակութային կեդրոնը եւ «Աֆղան Վոյս նիուզ» լրատու գործակալութեան գրասենեակները: ՏԱՀԵՇ ստանձնեց յարձակումին պատասխանատուութիւնը: Աֆղանիստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնած է, թէ անձնասպանական գործողութենէն ետք տեղի ունեցած են նաեւ երկու այլ պայթումներ: Վերջիններուս թիրախները առաջին պայթումին զոհերուն օգնութեան...

Փութին. «Ս. Փեթերսպուրկի Պայթումը Ահաբեկչական  Արարք Է, Իսկ Սուրիոյ Մէջ Մեր Զինուորական  Ներկայութիւնը Կը Բխի Մեր Երկրի Շահերէն»

Փութին. «Ս. Փեթերսպուրկի Պայթումը Ահաբեկչական Արարք Է, Իսկ Սուրիոյ Մէջ Մեր Զինուորական Ներկայութիւնը Կը Բխի Մեր Երկրի Շահերէն»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Թարթուս եւ Հմէյմիմ ռազմակայաններուն մէջ ռուսական զինուորական ներկայութիւնը կը բխի Ռուսիոյ շահերէն, եւ անոնց նպատակը ռազմավարական հոլովոյթներուն մէջ Ռուսիոյ անվտանգութեան ամրապնդումն է: Փութին Սուրիոյ մէջ ռուսական գործողութեան մասնակցած 600 զինուորներու եւ սպաներու մեծարման ձեռնարկին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Քրեմլինի մէջ, յայտնեց. «Ռուսական ուժերը նպաստեցին Սուրիոյ մէջ քաղաքակրթութիւններուն սպառնացող ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ զայն պաշարելու...

Թիլըրսըն Ռուսիոյ Ներկայ Ղեկավարութեան  Օրով Մոսկուայի Հետ Մերձեցման Առիթներ Չի Տեսներ

Թիլըրսըն Ռուսիոյ Ներկայ Ղեկավարութեան Օրով Մոսկուայի Հետ Մերձեցման Առիթներ Չի Տեսներ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է շարունակելու Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւնը այն բնագաւառներուն մէջ, ուր երկու երկիրներուն շահերը կը համընկնին, սակայն նախքան Ուքրանիոյ հիմնախնդիրի լուծումը, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կարելի չէ, իսկ ատիկա տեղի պիտի չունենայ Ռուսիոյ ներկայ ղեկավարութեան օրօք: «Մենք կ՛ընդունինք Ռուսիոյ...

«Պաղեստինեւիսրայէլեան Հիմնախնդիրի  Լուծումը Կախեալ Է Քանի Մը Երկիրներէ,  Որոնք Պէտք Է Ճանչնան Պաղեստինի Անկախութիւնը»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Պաղեստինեւիսրայէլեան Հիմնախնդիրի Լուծումը Կախեալ Է Քանի Մը Երկիրներէ, Որոնք Պէտք Է Ճանչնան Պաղեստինի Անկախութիւնը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ պաղեստինեւիսրայէլեան հիմնախնդիրի լուծումը կախեալ է քանի մը երկիրներէ, որոնց կողմէ առնուելիք յստակ քայլերու պարագային Պաղեստինի անկախութիւնը պիտի ճանչնան նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր երկիրները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը: «Շատ կարեւոր է Պաղեստինի անկախութեան ճանաչումը: Կան որոշ երկիրներ, որոնց կողմէ այդ քայլի կատարման պարագային անոնց պիտի հետեւին նաեւ Եւրոպական Միութեան...

Եգիպտոսի Խորհրդարանի Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբ.  «Քոնկրեսի Ղպտիներու Տառապանքին Վերաբերող  Բանաձեւը Սուտ Է Եւ Անհիմն Ամբաստանութիւն»

Եգիպտոսի Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբ. «Քոնկրեսի Ղպտիներու Տառապանքին Վերաբերող Բանաձեւը Սուտ Է Եւ Անհիմն Ամբաստանութիւն»

Եգիպտոսի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Թարեք Ռատուան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին եւ պաշտպանութեան ու ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի միացեալ լսումի նիստին ընթացքին յայտնեց. «Ամերիկեան քոնկրեսի վեց անդամներուն կողմէ ներկայացուած նախագիծը, որ կը պնդէ, թէ ղպտիներու իրաւունքներու ոտնակոխում գոյութիւն ունի, սուտ է եւ կեղծ ամբաստանութիւն»: Տեղեկատուութեան պետական մարմինի նախագահ Տիա Ռաշուան իր կարգին յայտնեց. «Ներածականները, որոնց վրայ հիմնուած է նախագիծը, անվաւեր են:...

«Իսրայէլ Պիտի Չարտօնէ Սուրիոյ Մէջ  Իրանեան Զինեալ Ուժերու Տեղակայումը»  Կ՛ըսէ Նեթանիահու

«Իսրայէլ Պիտի Չարտօնէ Սուրիոյ Մէջ Իրանեան Զինեալ Ուժերու Տեղակայումը» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, թէ իր երկիրը պիտի հակազդէ Սուրիոյ տարածքին իրանեան զինեալ ուժերու դիրքերու ամրապնդման ու բարձր ճշգրտութեան զէնքի արտադրութեան սկսելու փորձերուն: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Նեթանիահու այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի հարաւը գտնուող օդուժի «Հացերիմ» ռազմակայանին մէջ արտասանած իր խօսքին ընթացքին: «Մենք կը պահպանենք մեր անվտանգութիւնը` առաջնորդուելով յստակ քաղաքականութեամբ. մենք պիտի չարտօնենք, որ իրանեան բանակի ուժերը...

Տարօն Աճեմօղլու Թուրքիոյ Համար  Տնտեսական Ճգնաժամ Կը Կանխատեսէ

Տարօն Աճեմօղլու Թուրքիոյ Համար Տնտեսական Ճգնաժամ Կը Կանխատեսէ

«Նիուզ» կը հաղորդէ, որ պոլսահայ յայտնի տնտեսագէտ եւ Մեսեչուսեցի արհեստագիտական համալսարանի (Էմ. Այ. Թի.) դասախօսներէն փրոֆ. Տարօն Աճեմօղլու Թուրքիոյ տնտեսութեան հետ կապուած պարզաբանումներ կատարած է: Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթին համաձայն, Աճեմօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը առողջ չէ՛: Ան շեշտած է, թէ ներկայիս արձանագրուած տնտեսական աճը ոչ թէ արտադրութեան, այլ պահանջարկի աճի արդիւնք է: «Թուրքիոյ կառավարութեան յայտարարած տնտեսական հեռանկարները պարզապէս լաւատեսական...

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախկին  Նախարար Ղազիեւ Ձերբակալուած Է

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախկին Նախարար Ղազիեւ Ձերբակալուած Է

25 դեկտեմբերի ցերեկը Ազրպէյճանի մէջ ձերբակալուած է պաշտպանութեան նախկին նախարար Ռահիմ Ղազիեւ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` յղում կատարելով «Ամերիկայի ձայն»-ի ազրպէյճանական ծառայութեան: Ղազիեւի ձերբակալութեան մասին յայտնած է անոր եղբայրը` Ռահապ Ղազիեւ: Վերջինս նշած է, որ տակաւին չէ յայտնուած եղբօր ձերբակալութեան պատճառը: Ռահապ Ղազիեւ ձերբակալութեան մասին հեռաձայնը ստանալէ ետք շտապած է ոստիկանութեան բաժանմունք, սակայն անոր ըսած են, որ...

Երուսաղէմի Մէջ Ձերբակալուած Երկու  Թուրքեր Պիտի Արտաքսուին Իսրայէլէն

Երուսաղէմի Մէջ Ձերբակալուած Երկու Թուրքեր Պիտի Արտաքսուին Իսրայէլէն

Երուսաղէմի մէջ անցեալ ուրբաթ օրուան նամազէն ետք տեղի ունեցած վիճաբանութեան պատճառով ձերբակալուած, ապա դատարանի որոշումով ազատ արձակուած երեք թուրքերէն երկուքը պիտի արտաքսուին Իսրայէլէն: «Արմէնփրես» կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի կայանը: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնած է, որ երկու թուրքերն ալ Իսրայէլ մուտք գործած են Պելճիքայի անցագիրով: Ձերբակալուած երրորդ թուրքը կ՛աշխատի Իսրայէլի մէջ գործող...

Էրտողան. «Ասատ Ահաբեկիչ Է, Սուրիան  Քանդեց, Եւ Կարելի Չէ Զինք  Լուծումին Մասնակից Դարձնել»

Էրտողան. «Ասատ Ահաբեկիչ Է, Սուրիան Քանդեց, Եւ Կարելի Չէ Զինք Լուծումին Մասնակից Դարձնել»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թունուզ այցելութեան ընթացքին իր թունուզցի պաշտօնակիցին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Թուրքիան միշտ կը կանգնի Թունուզի կողքին, եւ կրնանք բոլոր բնագաւառներուն մէջ Թունուզի հետ մեր յարաբերութիւնները ընդլայնել»` աւելցնելով, որ Թունուզի կեցուածքները չեն տարբերիր Թուրքիոյ կեցուածքներէն, «եւ մենք կը զօրակցինք ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու անոր ջանքերուն»: «Մենք կը ջանանք պահպանել Թունուզի մէջ կայունութիւնն ու...

Մաքրոն Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին  Կոչ Ուղղած Է` Վերջ Տալու Եմէնի Շրջափակման

Մաքրոն Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին Կոչ Ուղղած Է` Վերջ Տալու Եմէնի Շրջափակման

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին անոր կոչ ուղղած է վերջ տալու Եմէնի շրջափակման: Այս մասին երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է Էլիզէի պալատէն աղբիւր մը: «Նախագահը լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է Եմէնի մէջ մարդասիրական աղէտին կապակցութեամբ եւ կոչ ուղղած վերջ տալու շրջափակման, որպէսզի ապահովուին մարդասիրական օժանդակութեան եւ ապրանքներու մատակարարումները Եմէնին»,...

Փութինը Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբին  Յանձնեց Պետութեան Նախագահի Ընտրութեան  Առաջադրուելու Համար Անհրաժեշտ Փաստաթուղթերը

Փութինը Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբին Յանձնեց Պետութեան Նախագահի Ընտրութեան Առաջադրուելու Համար Անհրաժեշտ Փաստաթուղթերը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Ռուսիոյ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին յանձնեց փաթեթը այն փաստաթուղթերուն, որոնք անհրաժեշտ են նախագահական ընտրութեան թեկնածութիւնը առաջադրելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան: Ընթացակարգի աւարտէն ետք կողմերը ստորագրած են փաստաթուղթերու ստանձնման արձանագրութիւնը: Փութին մտադիր է մարտ 2018-ին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն մասնակցիլ իբրեւ անկախ թեկնածու: «Ներկայացուած բոլոր փաստաթուղթերը ենթակայ են պարտադիր ստուգման` առնուազն...

Սերպիա Թուրքիոյ Յանձնած Է Քաղաքական  Ապաստան Հայցող Քիւրտ Գործիչ Մը

Սերպիա Թուրքիոյ Յանձնած Է Քաղաքական Ապաստան Հայցող Քիւրտ Գործիչ Մը

Սերպիան Թուրքիոյ արտայանձնած է ապաստան հայցող քիւրտ քաղաքական գործիչ մը` անտեսելով ՄԱԿ-ի խոշտանգումներու դէմ յանձնախումբի նախազգուշացումները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ճեւտեթ Այազ Սերպիայէն ապաստան խնդրած է փախչելէ ետք Թուրքիայէն, ուր ան 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած է սահմանադրութեան դէմ գործողութիւններու մեղադրանքով: Սերպական իշխանութիւնները, սակայն, մերժած են անոր դիմումը: 2016 թուականի յեղաշրջումի փորձէն ետք Թուրքիոյ մէջ շուրջ 50 հազար...

«Թուրքիան Եւ Ուքրանիան Յառաջիկայ Տարիներուն  Եւրոպական Միութեան Անդամ Պիտի Չդառնան»  Կ՛ըսէ Կապրիէլ

«Թուրքիան Եւ Ուքրանիան Յառաջիկայ Տարիներուն Եւրոպական Միութեան Անդամ Պիտի Չդառնան» Կ՛ըսէ Կապրիէլ

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ յայտարարած է, որ Ուքրանիան եւ Թուրքիան յառաջիկայ տարիներուն անդամ պիտի չդառնան Եւրոպական Միութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Քորրեսփոնտընթ» կայքը: «Չեմ կրնար պատկերացնել յառաջիկայ տարիներուն ո՛չ Թուրքիան, ո՛չ ալ Ուքրանիան իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիր», ըսած է Կապրիէլ` շեշտելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է Քիեւի եւ Անգարայի հետ փոխադարձ գործակցութեան յատուկ բնորդ մշակէ: Կապրիէլ նշած...

Ուաշինկթըն Առաջարկած Է Ապու Տիսը Յայտարարել  Պաղեստինի Մայրաքաղաք.  «ՄԱԿ-ի Մէջ Քուէարկութիւնը Ցոյց Կու Տայ,  Թէ Աշխարհի Վրայ Ամերիկեան  Տիրակալութիւնը Սկսած Է Նահանջել»  Ըսաւ Հանիյէ

Ուաշինկթըն Առաջարկած Է Ապու Տիսը Յայտարարել Պաղեստինի Մայրաքաղաք. «ՄԱԿ-ի Մէջ Քուէարկութիւնը Ցոյց Կու Տայ, Թէ Աշխարհի Վրայ Ամերիկեան Տիրակալութիւնը Սկսած Է Նահանջել» Ըսաւ Հանիյէ

Պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիյէ յայտնեց, որ Երուսաղէմի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահի որոշումը շատ վտանգաւոր էր եւ պաղեստինցի, արաբ եւ իսլամ ժողովուրդներուն դէմ բացայայտ նախայարձակում մըն էր: Ան յայտնեց, որ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցող ամերիկեան որոշումը մաս կը կազմէ ամբողջ շրջանի դիմագիծը փոխելու պայքարին եւ միայն պաղեստինեան կացութեան առնչուած չէ: Հանիյէ ըսաւ, որ իսրայէլեան յայտարարութիւնները կը բացայայտեն...

Page 645 of 883 1 … 644 645 646 … 883

Արխիւներ