Իսրայէլի Ճանաչումը Առկախելու Եւ Պաղեստինը Բռնագրաւուած Պետութիւն Յայտարարելու Պաղեստինեան Ուղղուածութիւն Մը Գոյութիւն Ունի
Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութենէն (ՊԱԿ) պատասխանատու աղբիւրներ սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնած են, որ պաղեստինեան ղեկավարութեան կազմած քաղաքական յանձնախումբը յանձնարարած է վերատեսութեան ենթարկել Իսրայէլի պետութեան քաղաքական ճանաչումը, Պաղեստինը յայտարարել բռնագրաւուած պետութիւն, ինչպէս նաեւ աշխուժացնել պաղեստինեան ազգային միասնականութեան գոյացման ջանքերը: ՊԱԿ-ի գործադիր մարմինի անդամ Ուասել Ապու Եուսեֆ սէուտական օրաթերթին յայտնած է, որ անցեալ ամիս կազմուած քաղաքական յանձնախումբը ժողով գումարած է յանձնարարականներ պատրաստելու համար...




















