Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուհանիի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. «Իրանի Մէջ Կայունութիւնն Ու Հանգստութիւնը Կարեւոր Են Անգարայի Համար» Կ՛ըսէ Էրտողան

January 4, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շեշտեց Իրանի մէջ ընկերային խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, իսկ Ռուհանի յոյս յայտնեց, որ ցոյցերը քանի մը օրէն վերջ կը գտնեն:

Թրքական վարչակազմէն աղբիւր մը «Տէյլի Սապահ» օրաթերթին յայտնեց, որ Էրտողան աջակցութիւն յայտնած է Իրանի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերու Ռուհանիի գնահատականին:

Էրտողան ըսաւ, որ ինք համաձայն է Ռուհանիի յայտարարութեան հետ, որուն մէջ վերջինս ընդունած է քաղաքացիներու բողոք արտայայտելու իրաւունքը` ցոյցի մասնակիցներուն կոչ ուղղելով այդ ընթացքին չխախտելու օրէնքները:

Բացի ատկէ, Թուրքիոյ նախագահը նաեւ ընդգծեց, որ Իրանի մէջ կայունութիւնն ու հանգստութիւնը կարեւոր են Անգարայի համար:

Ռուհանի իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Էրտողանին` անոր զօրակցութեան համար եւ յոյս յայտնեց, որ բողոքի ցոյցերը կ՛աւարտին յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու թրքական լրատուամիջոցներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց. «Նեթանիահուն ու Թրամփը կը զօրակցին Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերուն, եւ մենք դէմ ենք այդ երկրին մէջ արտաքին միջամտութեան»:

 

 

Նախորդը

Պաղեստինցիները Կը Մերժեն Թրամփի Շանթաժը. Թրամփ Կը Սպառնայ Դադրեցնել Պաղեստինցիներուն Տրամադրուած Օժանդակութիւնը

Յաջորդը

Իրանեան Քաղաքներու Մէջ Վարչակազմին Զօրակցութեան Ցոյցեր. Յեղափոխական Պահակագունդի Հրամանատարը Յայտարարեց Իրանի Մէջ «2017-ի Սադրանք»-ի Պարտութիւնը

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.