Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրանի Մէջ Անկարգութիւններու Ետին Կանգնած Են Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլն Ու Սէուտական Արաբիան» Կ՛ըսէ Իրանի Ընդհանուր Դատախազը

January 6, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի ընդհանուր դատախազ Մոհամետ Զաֆար Մոնթազերի յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլն ու Սէուտական Արաբիան կազմակերպած են դաւադրութիւն մը, որուն նպատակը Իրանի մէջ անկարգութիւններու հրահրումն էր: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

Մոնթազերի կը յայտնէ, որ այդ ծրագիրի գլխաւոր նախագծողն ու անկարգութիւններու հրահրման խումբը ստեղծողը Մայքըլ Տ՛Անտրիան է, որ նախապէս գլխաւորած է «Սի.Այ.Էյ.»-ի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժինը:

«Իրանի մէջ անկարգութիւններու հրահրման համար ստեղծուած է յատուկ խումբ` բաղկացած Միացեալ Նահանգներէն, Իսրայէլէն ու Սէուտական Արաբիայէն, իսկ խումբը գլխաւորած է Մայքըլ Տ՛Անտրիան ու Մոսատէն սպայ մը: Բոլոր ծախսերը հոգացած է Սէուտական Արաբիան», ըսած է ան:

Մոնթազերի աւելցուցած է, որ ծրագիրը կազմելու համար անհրաժեշտ տուեալները հաւաքուած են տարիներու ընթացքին:

Նախապէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոյըրթ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ չ՛են ուզեր Իրանի մէջ յեղափոխութեան հասնիլ, սակայն այդ երկրին մէջ փոփոխութիւններու յոյսը ունին: «Յեղափոխութիւնը այն չէ, որուն կ՛ուզենք հասնիլ, մենք կ՛ուզենք փոփոխութիւններ, մենք կ՛ուզենք, որ Իրանի իշխանութիւնները սկսին լսել իրենց ժողովուրդին, ատիկա տակաւին տեղի չ՛ունենար», ըսած է ան «Ֆոքս Նիուզ»-էն` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ուաշինկթըն Իրանի մէջ իշխանափոխութի՞ւն կ՛ուզէ:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս յայտնեց, որ իր երկրին հարցը «իրանեան բռնատիրական վարչակարգին հետ է», իսկ «իրանցի ժողովուրդէն մեծ հատուած մը եւս այդ վարչակարգին հետ հարց ունի»:

«Իրանեան վարչակարգը տարիներ առաջ յաջողեցաւ ճնշել կանաչ յեղափոխութիւնը, սակայն չկրցաւ իր ժողովուրդի հոգիէն ջնջել դժգոհութիւնն ու զայրոյթը», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Կը Դադրեցնէ Փաքիստանին Տրամադրուող Ելեւմտական Օժանդակութիւնը

Յաջորդը

Էրտողան. «Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Կը Կորսնցնեն Իրենց Վաւերականութիւնը»

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.