Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուտանի Իշխանութիւնները Ժամանակաւորապէս Թուրքիոյ «Փոխանցած» Են Սուաքին Կղզին

January 4, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուտանի իշխանութիւնները համաձայնած են Սուաքին կղզին վարձու տալ Թուրքիոյ: Թուրքիան կը պատրաստուի յառաջիկային ռազմանաւերու համար նոր նաւահանգիստ կառուցել կղզիին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Տիքեն» կայքը:

Լուրին մասին առաջինը յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, ապա անիկա հաստատուած է Սուտանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:

Թրքական իշխանութիւնները կը պատրաստուին նախապէս Օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուած կղզին վերակառուցել եւ բանալ զբօսաշրջութեան համար:

Օրեր առաջ Էրտողան Սուտան իր այցելութեան ընթացքին տեղւոյն իշխանութիւններուն առաջարկած էր Թուրքիոյ տալ Սուաքին կղզին, ուր կը գտնուի երկրին մեծ նաւահանգիստը:

«Ես (Սուտանի) յարգելի նախագահին ըսի. «Այս կղզին մեզի փոխանցեցէք` ամբողջութեամբ բարեկարգենք, իր պատմական փառքին արժանի վիճակի հասցնենք»: Այս տարածքները այս վիճակին մէջ տեսնելը մեզ շատ տխրեցուց, այս կողմերը հողին հաւասարեցուած են: Ո՞վ կ՛ընէ այս ամէնը… Արեւմուտքը: Ասիկա անոնց բնորոշ է», ըսած էր Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը իր խօսքին մէջ բաւական մեծ տեղ յատկացուցած էր Արեւմուտքին ուղղուած քննադատութեան` արեւմտեան երկիրները անուանելով «կայսերապաշտ» եւ զանոնք համեմատելով արեան հոտ առած շնաձուկերու հետ:

«Սուտանը դժուարութեան մատնած, սուտանցիներու կեանքը քաոսի վերածած պատժամիջոցները պէտք է վերցուին: Այս ի՞նչ կտտանք է: Մէկ կաթիլ նաւթը մէկ կաթիլ արիւնէն աւելի սուղ գնահատող ուժերը կ՛ուզեն թալանել մեր բնական պաշարներն ու հարստութիւնները եւ ատոր համար մեզ իրարու դէմ կը թշնամացնեն», ըսած է Էրտողան` յայտարարելով, որ Արեւմուտքը ջանք չի խնայեր պառակտելու իսլամական աշխարհը:

Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ իրենց ուզածը Սուտանի կարմիր ծովու ափերուն վրայ ռազմակայան մը չէ, այլ նշեալ կղզիին վրայ գտնուող օսմանեան աւերակները:

 

Նախորդը

2018 Արժէքներու Հայկականացման Տարի (Ո՛չ Սրընթաց Արժեզրկումին)

Յաջորդը

Ուաշինկթըն-Իսլամապատ Բանավէճ. Սպիտակ Տուն. «Փաքիստան Շատ Բան Ունի Կատարելիք Ահաբեկչութիւնը Զսպելու Համար»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.