Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Միացեալ Նահանգներուն Դէմ Բողոք Կը Ներկայացնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին

January 5, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի պատուիրակութիւնը հրապարակեց ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մնայուն ներկայացուցիչ Ղուլամ Ալի Խոշրոյի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին յղած նամակը, որուն մէջ ան կը նշէ. «Ամերիկեան ներկայ վարչակազմը միջազգային օրէնքի եւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ քաղաքակիրթ վարմունքին վերաբերող սկզբունքներու ոտնահարման մէջ ամէն սահման կ՛անցնի»:

«Ամերիկան ցուցարարներուն աջակցութիւն տրամադրելու պատրուակով աճեցուց իր միջամտութիւնները», կ՛աւելցնէ ան:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի իր կարգին յայտնեց. «Անվտանգութեան պահպանութեան համար անհրաժեշտ է Իրանի սահմաններէն դուրս ներկայութիւն ըլլալ եւ պայքարիլ թշնամիին դէմ»:

«Սէուտական վարչակարգը ուահապականներուն իր աջակցութեամբ եւ ահաբեկիչներուն ամերիկեան զէնքերու մատակարարումով կը ջանար քայքայել Իրանի անվտանգութիւնը», ըսաւ ան` շեշտելով, որ ամերիկացիները «կ՛ուզէին Իրանի մէջ վերջին դէպքերու թղթածրարը դնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի սեղանին վրայ, սակայն ռուսերն ու չիները ատոր արգելք կեցան»:

Մինչ այդ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն զգուշացուց, որ Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Իրանի վերաբերեալ արտասանուած խօսքերը «կացութիւնը գրեթէ կը մղեն պատերազմի»:

Մաքրոն շեշտեց, որ պէտք է Իրանի հետ երկխօսութիւնը շարունակել, սակայն նշեց, որ Թեհրան պիտի չայցելէ, «մինչեւ որ այդտեղ հանդարտութիւնը վերականգնի, եւ Իրան յարգէ ազատութիւնները»:

Միւս կողմէ, երէկ իրանեան Մաշհատ, Սպահան, Պիրճենտ եւ Արտապիլ նահանգներուն մէջ տեղի ունեցան վարչակարգին զօրակցութեան եւ անկարգութիւնները մերժող բազմամարդ ցոյցեր, որոնց մասնակիցները պահանջեցին պատժել անկարգութիւններ հրահրողները:

Արտապիլ նահանգի ընդհանուր դատախազը յայտարարեց, որ նահանգին մէջ անկարգութիւններ հրահրողներէն երեքը ձերբակալուած են:

 

Նախորդը

Քնեսեթը Որդեգրեց Գործողութիւններու Հեղինակներուն, Երուսաղէմի Եւ Կոլանի Բնակիչներուն Դէմ Որոշում Մը

Յաջորդը

Իրանի Հայ Համայնքը Քաղաքական Իրավիճակի Կայունացման Կողմնակից Է

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.