Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանեան Քաղաքներու Մէջ Վարչակազմին Զօրակցութեան Ցոյցեր. Յեղափոխական Պահակագունդի Հրամանատարը Յայտարարեց Իրանի Մէջ «2017-ի Սադրանք»-ի Պարտութիւնը

January 4, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Ալի Ժաաֆարի յայտարարեց Իրանի մէջ «2017-ի սադրանք»-ի պարտութիւնը:

«Թշնամիները չեն կրնար զինուորական գետնի վրայ սպառնալ Իրանին, ուստի աշխատանք կը տանին զայն մշակութային, տնտեսական ու զինուորական գետնի վրայ վտանգելու», ըսաւ ան:

Ժաաֆարի իրանեան պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ամերիկան, Իսրայէլն ու Սէուտական Արաբիան ՏԱՀԵՇ-ին հրամայեցին մուտք գործելու Իրան: Անոր անդամներէն ոմանք նոյնիսկ մուտք գործեցին խափանարարական արարքներ գործելու համար»:

«Իրանի ապահովական պատրաստութիւնը դարձեալ պարտութեան մատնեց թշնամիները, որովհետեւ, եթէ Եգիպտոսի, Թունուզի եւ Լիպիոյ կացութեան մէջ ըլլայինք, կորուստները անդառնալի պիտի ըլլային», աւելցուց ան` նշելով. «Յեղափոխական պահակագունդը կը միջամտէ Սպահանի, Լորիստանի եւ Համատանի մէջ ցոյցերը ցրուելու համար»:

Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարը նաեւ յայտնեց. «Ցուցարարներուն թիւը քիչ էր եւ բողոքի ցոյցերու գագաթնակէտին ամբողջ Իրանի մէջ անոնց թիւը չանցաւ 15 հազարը: Խռովարարներէն շատեր մարզուած են ահաբեկչական Խալք կազմակերպութեան կողմէ: Անոնք ձերբակալուեցան, եւ անոնց հետ խստութեամբ պիտի վարուինք»:

Մինչ այդ, իրանեան տարբեր քաղաքներու մէջ ընթացք առին վարչակարգին զօրակցութեան եւ արտաքին միջամտութիւնը մերժող ցոյցեր: Կը հաղորդուի, որ Ապատանի, Ահուազի, Քարմանշահի, Խարմապատի, Քոմի եւ այլ քաղաքներու մէջ սկսած զօրակցական ցոյցերը պիտի շարունակուին մինչեւ շաբաթավերջ, իսկ ուրբաթ օր նախատեսուած են բազմամարդ քայլարշաւներ:

Իրանեան շարք մը քաղաքներու մէջ օրերէ ի վեր կը կատարուին ապահովական կայունութիւնը խանգարելու փորձերն ու արտաքին միջամտութիւնները մերժող բազմամարդ ցոյցեր, որոնք տեղի կ՛ունենան բռնարարքներու եւ անկարգութիւններու մերժման ընդհանուր խորագիրին տակ:

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը
Քննադատած Է Թրամփի Յայտարարութիւնը

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Ղասեմի դատապարտած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը «Թուիթըր»-ի վրայ կատարած գրառման համար եւ անոր կոչ ուղղած կեդրոնանալու Միացեալ Նահանգներու ներքին հարցերուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

«Ան վերջերս իրանցի ժողովուրդը նկատած է «ահաբեկչական երկիր» եւ կը շարունակէ սադրել մեր ժողովուրդին», ըսած է ան:

Ղասեմի շեշտած է, որ Թրամփ վիրաւորական խօսքեր ըսած է իրանցիներուն հասցէին:

Թրամփ նախապէս գրառում կատարած էր «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ` նշելով, որ Իրանի ժողովուրդը, վերջապէս, իրանեան փտած վարչակազմին դէմ դուրս եկած է: Բացի ատկէ, ան Իրանի ղեկավարութիւնը մեղադրած է ահաբեկչութեան աջակցութեան համար:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը պատասխանած է. «Այդպիսի մօտեցումը պիտի յանգեցնէ Իրանի արժանաւոր բնակիչներու արձագանգին` ամբողջ աշխարհի տարածքին»:

Ղասեմի Թրամփին խորհուրդ տուած է նուազ ժամանակ մսխել «Թուիթըր»-ի միջոցով երկիրներու եւ մարդոց դէմ վիրաւորական հրապարակումներ կատարելու վրայ եւ զբաղիլ իր երկրին ներքին խնդիրներով:

Թրամփ երէկ դարձեալ Իրանի վերաբերեալ յայտարարութիւն մը կատարելով ըսաւ. «Իրանի ժողովուրդը յարմար պահու Միացեալ Նահանգներէն մեծ աջակցութիւն պիտի ստանայ»:

Նախորդը

Ռուհանիի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. «Իրանի Մէջ Կայունութիւնն Ու Հանգստութիւնը Կարեւոր Են Անգարայի Համար» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Պայթում Վիեթնամի Մէջ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.