Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաքիստանեան Բանակ. «Պիտի Հակադարձենք Միացեալ Նահանգներու Որեւէ Արարքի»

January 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաքիստանեան բանակի բանբեր հազարապետ-զօրավար Ասեֆ Ղաֆուր յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի հակադարձէ Միացեալ Նահանգներու որեւէ արարքի:

Ղաֆուր յայտնեց. «Փաքիստան կ՛ուզէ շարունակել Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցութիւնը, սակայն, իր ազգային շահերէն ու հանգամանքէն մեկնելով»:

«Ուաշինկթընի կողմէ որեւէ շօշափելի արարքի պիտի պատասխանենք փաքիստանցի ժողովուրդին փափաքին համաձայն», աւելցուց ան:

«Միացեալ Նահանգներ պէտք է գիտակցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Փաքիստանի գործակցութեան տարողութեան», ըսաւ Ղաֆուր` աւելցնելով. «Բանակը Թալեպան շարժումին առնչակից Հաքանի ցանցի զինեալներուն դէմ գործողութիւններ շղթայազերծեց»:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ Փաքիստանը ամբաստանած էր այն յանցանքով, որ ան կը թաքցնէ այն ահաբեկիչները, որոնց դէմ իր երկիրը կը պայքարի Աֆղանիստանի մէջ: «Վերջին 15 տարիներուն ընթացքին անոնք մեզմէ ստացած են 33 միլիառ տոլար, իսկ մենք ոչինչ ստացած ենք բացի սուտերէ եւ խաբէութենէ` մտածելով, թէ մեր ղեկավարները յիմար են», գրած էր ան: Թրամփ ըսած էր, որ այդպիսի միակողմանի յարաբերութիւններուն վերջ պիտի տրուի:

Սպիտան տան բանբեր Սառա Սանտըրզ իր կարգին յայտնած էր. «Փաքիստան շատ բան ունի կատարելիք ահաբեկչութիւնը զսպելու համար, եւ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն, որ անիկա ատոնք կատարէ»:

Ուաշինկթըն կը պահանջէ, որ Փաքիստանի տարածքին մէջ Թալեպան շարժումին առնչակից խմբաւորումներուն վերջ տրուի, իսկ Իսլամապատ կը պատասխանէ, թէ այդ ուղղութեամբ կը կատարէ իր առաւելագոյնը:

 

Նախորդը

Էրտողան Այսօր Կ՛Այցելէ Փարիզ. Մաքրոն Կը Խոստանայ Քննարկել Թուրքիոյ Մէջ Բանտարկուած Լրագրողներու Հարցը

Յաջորդը

Նշելով, Որ Ուաշինկթըն Երբեք Խաղաղութեան Բանակցութեան Միջնորդ Պիտի Չըլլայ. «Դուն Խնդիրին Մաս Կը Կազմես Եւ Ոչ Թէ Լուծումին» Թրամփին Կ՛ըսէ Օրէյքաթ

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ  Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»

January 14, 2026
Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն.  Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր  Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ
Միջազգային

Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն. Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.