Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի բանբեր Ռամատան Շարիֆ յայտնեց, որ մայրաքաղաք Թեհրանի եւ իրանեան մնացեալ քաղաքներուն մէջ կացութիւնը վերահսկողութեան տակ է` աւելցնելով, որ ներկայիս Յեղափոխական պահակագունդի ուժերուն միջամտութեան կարիքը չկայ, որովհետեւ ոստիկանութեան եւ ներքին ապահովութեան ուժերը լաւապէս կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը: Ան նշեց, որ իրանեան կարգ մը քաղաքներ ժողովրդային կամաւորական ուժերուն` Պասիժի օժանդակութիւնը խնդրած են:
Յեղափոխական պահակագունդի Սարալլա կեդրոնի տեղակալ հազարապետ Իսմայիլ Քաուսարի յայտնեց, որ կիրակի օր Թեհրանի մէջ ցոյցերու մասնակիցներուն թիւը մեծապէս նուազած է եւ քաղաքի կեդրոնին մէջ հանդարտութիւնը կարճ ժամանակուան մէջ վերականգնած է` շեշտելով, որ շրջապատին վնասներ պատճառած անձերը պիտի հետապնդուին:
Իրանի ներքին գործոց նախարարի անվտանգութեան եւ ոստիկանութեան հարցերով օգնական Հուսէյն Զուլֆիքարի իր կարգին յայտնեց. «Երկրին մեծամասնութեան մէջ կացութիւնը բնականոն է, եւ ժողովուրդին գործակցութեամբ ու առնչակից մարմիններու աշխատանքով անկարգութիւններու թատերաբեմ դարձած կարգ մը շրջաններուն մէջ անկայունութեան վիճակը շուտով վերջ պիտի գտնէ»:
Թեհրանի մէջ Յեղափոխութեան դատարանի նախագահ Մուսա Ղատանֆար Ապատի աւելի ուշ յայտնեց, որ անկարգութիւններու երրորդ օրուան ընթացքին ձերբակալուած ոեւէ անձ խիստ պատիժ պիտի ստանայ` աւելցնելով, որ անկարգութիւնները որքան երկարին, այդքան անոնց մեղսակիցներուն պատիժը պիտի խստանայ:
Ան նշեց, որ կարգ մը ձերբակալեալներ պիտի դատուին ազգային անվտանգութիւնը թիրախ դարձնելու եւ հասարակաց կալուածները քանդելու ամբաստանութեան հիմամբ:
Թեհրանի կառավարիչին քաղաքական եւ անվտանգութեան հարցերով օգնականը իր կարգին յայտնեց, որ անցնող երեք օրուան ընթացքին Թեհրանի մէջ անկարգութիւններուն մասնակից 450 անձեր ձերբակալուած են:
Նշենք, որ վեց օր առաջ բողոքի ցոյցերը ընթացք առած էին Մաշհատ քաղաքէն, ապա տարածուած այլ քաղաքներու մէջ: Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, «խափանարար ցուցարարներ» երկուշաբթի գիշեր Սպահանի մէջ կրակ բացած են ոստիկանութեան վրայ: Սպաննուած է ոստիկան մը եւ երեք ուրիշներ վիրաւորուած: Սպաննուած են նաեւ Պասիժի երկու անդամներ: «Ռաժա Նիուզ»-ի համաձայն, Սպահանի մէջ կրակոցներու պատճառով սպաննուած են նաեւ երկու քաղաքացիներ, իսկ 5 ուրիշներ զոհուած են, երբ ցուցարարներ յարձակում գործած են Սպահանի նահանգի Քահտարճան քաղաքի քաղաքապետարանի շէնքին դէմ:
Իրանեան ոստիկանութեան բանբերը յայտնեց, որ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 4 անձեր, որոնք անցնող օրերուն անարգած են Իրանի դրօշը` զայն հրկիզելով կամ պատռտելով:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երկուշաբթի օր յայտնած էր, որ իրանցի ղեկավարներն ու ժողովուրդը պիտի պատասխանեն անոնց, որոնք ըսին, թէ խնդիրները պիտի փոխադրեն Իրան` աւելցնելով, որ թշնամիները նեղացած են ժողովուրդի փառքէն, անոր արձանագրած յաջողութիւններէն ու երկրին զարգացումէն: Ան նշեց, որ իր կառավարութիւնը մարդոց բողոքներն ու քննադատութիւնները կը նկատէ առիթ մը եւ ոչ թէ սպառնալիք` աւելցնելով, որ ժողովուրդը միլիոններով փողոց պիտի իջնէ` զօրակցելու համար վարչակարգին, եթէ ատիկա անհրաժեշտ ըլլայ:
Ռուհանի յայտնեց, որ անոնք, որոնք անցնող օրերուն փողոց դուրս եկան, անպայման իրենց հրամանը դուրսէն չստացան, այլ անոնցմէ ոմանք փողոց դուրս եկան իրենց դիմագրաւած հարցերուն պատճառով:
Թուրքիա Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Թուրքիան մտահոգ է Իրանի մէջ ցոյցերու լուրերէն… ինչպէս նաեւ այն վնասներուն համար, որոնք հասան կառավարական շէնքերուն»:
Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց որեւէ մագլցում կանխարգիլելու համար ողջախոհութիւն ցուցաբերելու:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնական աղբիւր մը յայտնեց, որ Դամասկոս «կը դատապարտէ եւ բացարձակապէս կը մերժէ ամերիկեան վարչակազմին, սիոնական գոյացութեան ու անոր գործիքներուն Իրանի ներկայ կացութեան նկատմամբ ցուցաբերած կեցուածքները, եւ Սուրիան վստահ է, որ Իրան կրնայ ձախողութեան մատնել այս սադրանքը եւ շարունակել զարգացման ու շինութեան երթը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու արդար դատերուն զօրակցիլը»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն կոչ ուղղեց ցուցարարներուն արծարծած հարցերուն շուրջ լուրջ երկխօսութիւն կատարելու` այդ հարցերը նկատելով «արդարացի եւ կարեւոր»:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատարի բանբերը յոյս յայտնեց, որ Թեհրան կ՛երաշխաւորէ խաղաղ ցոյցի եւ ազատ խօսքի իրաւունքը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երկուշաբթի օր «Թուիթըր»-ի վրայ գրած էր, որ Իրանի մէջ փոփոխութեան ժամանակը հասած է: «Իրան բոլոր մակարդակներուն վրայ ձախողեցաւ` հակառակ անոր հետ Օպամայի վարչակարգին կնքած համաձայնագիրին»:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս իր կարգին նշեց, որ իր երկիրը «Իրանի մէջ ցոյց կատարողները պիտի չլքէ»` աւելցնելով, որ իր երկիրը «պիտի չկրկնէ անցեալի սխալները, երբ ուրիշներ լքեցին իրանցի ժողովուրդի հերոսական դիմադրութիւնը»:
«Իրանցիներուն շարունակուող դիմադրութիւնը յոյս կը ներշնչէ բոլոր անոնց, որոնք ազատութեան համար կը պայքարին», նշեց ան: