Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղեստինցիները Կը Մերժեն Թրամփի Շանթաժը. Թրամփ Կը Սպառնայ Դադրեցնել Պաղեստինցիներուն Տրամադրուած Օժանդակութիւնը

January 4, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրառում կատարելով յայտնեց, որ իր երկիրը կրնայ դադրեցնել օժանդակութիւնը պաղեստինցիներուն, որոնք «այլեւս չեն ուզեր խաղաղութեան շուրջ բանակցիլ»:

Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներ իրենց տրամադրած օժանդակութեան համար «գնահատանքի կամ յարգանքի» չեն արժանացած:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու իր քայլը այդ մեծապէս վիճելի հարցը խաղաղութեան նոր բանակցութիւններու «սեղանէն վերցուցած է»:

Նշենք, որ պաղեստինցիք յայտնած են, որ նշեալ քայլը ցոյց տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար անաչառ միջնորդ ըլլալ:

Նախքան Թրամփի գրառումը, ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Նիքի Հէյլի յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի դադրեցնէ ՄԱԿ-ի պաղեստինցի գաղթականներու օժանդակութեան գործակալութեան տրամադրած իր նպաստը:

Նշեալ գործակալութիւնը կրթական, առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւններ կը մատուցէ պաղեստինցի գաղթականներուն: Կառավարական մեծագոյն նուիրատուն եղող Միացեալ Նահանգները 2016-ին գործակալութեան տրամադրած էր շուրջ 370 միլիոն տոլար:

«Նախագահը հիմնականին մէջ ըսած է, որ չ՛ուզեր յաւելեալ ֆինանսաւորում տրամադրել կամ կ՛ուզէ դադրեցնել ֆինանսաւորումը, մինչեւ որ պաղեստինցիները համաձայն գտնուին վերադառնալու բանակցութեան սեղան», ըսաւ Հէյլի` աւելցնելով, որ Թրամփի Երուսաղէմի վերաբերեալ որոշումը դատապարտող ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի որոշումը «կացութեան չի նպաստեր»:

«Պաղեստինցիք այժմ պէտք է պատրաստակամութիւն ցոյց տան վերադառնալու (բանակցութեանց) սեղան: Այժմ անոնք սեղան չեն գար, սակայն օժանդակութիւն խնդրած են: Օժանդակութիւն պիտի չտանք, վստահ պիտի ըլլանք, որ անոնք սեղան կու գան», ըսաւ ան:

Ամերիկեան ֆինանսաւորման դադրեցումը կրնայ նկատառելի ազդեցութիւն ունենալ ՄԱԿ-ի գործակալութեան աշխատանքին վրայ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ անոր ֆինանսաւորման 30 առ հարիւրը կը տրամադրեն:

Սակայն Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) գործադիր յանձնախումբի անդամ Հանան Աշրաուի յայտարարեց. «Պաղեստինցիները Միացեալ Նահանգներու Պաղեստինեան իշխանութեան տրամադրած նիւթական օժանդակութիւնները դադրեցնելու նախագահ Տանըլտ Թրամփի շանթաժին դիմաց պիտի չընկրկին»:

«Շանթաժը պիտի չընդունինք: Թրամփ քանդեց խաղաղութեան, ազատութեան եւ արդարութեան մեր ձգտումը, եւ հիմա պաղեստինցիները կ՛այպանէ իր անպատասխանատու արարքներուն հետեւանքներուն համար», նշեց Աշրաուի:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութիւնը իր կարգին մեկնաբանելով Թրամփի կատարած սպառնութիւնը յայտարարեց. «Երուսաղէմ քաղաքն ու անոր սրբատեղիները ծախու չեն, ո՛չ ոսկիի, ո՛չ ալ արծաթի դիմաց»:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն-Իսլամապատ Բանավէճ. Սպիտակ Տուն. «Փաքիստան Շատ Բան Ունի Կատարելիք Ահաբեկչութիւնը Զսպելու Համար»

Յաջորդը

Ռուհանիի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. «Իրանի Մէջ Կայունութիւնն Ու Հանգստութիւնը Կարեւոր Են Անգարայի Համար» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.