Միջազգային

Հակադարձելով Ամերիկեան Քայլին`  Թուրքիա Զգուշացուցած Է Միացեալ Նահանգներ  Մեկնիլ Փափաքող Իր Քաղաքացիները

Հակադարձելով Ամերիկեան Քայլին` Թուրքիա Զգուշացուցած Է Միացեալ Նահանգներ Մեկնիլ Փափաքող Իր Քաղաքացիները

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Թուրքիան անվտանգութեան տեսանկիւնէն 3-րդ կարգի երկիրներու շարքին դասելու փաստը խիստ զայրացուցած է Անգարան: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը` զգուշացնելով Միացեալ Նահանգներ մեկնիլ փափաքող իր քաղաքացիները: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ահաբեկչական յարձակումներու եւ բռնութեան գործադրութեամբ դէպքերու աճ արձանագրուած է, մարդաշատ...

«Մեր Ինչի՞ն Պէտք Են Աշխարհի  Կեղտոտ Խորշերէն Եկող Մարդիկը»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Մեր Ինչի՞ն Պէտք Են Աշխարհի Կեղտոտ Խորշերէն Եկող Մարդիկը» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ օրէնսդիրներու հետ գաղթի քաղաքականութեան հարցով հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներուն պէտք չեն աշխարհի կեղտոտ խորշերէն եկող ներգաղթեալները: «Փոլիթիքօ» կայքը կը նշէ, որ հանդիպումին ընթացքին ծերակուտականները բացատրած են նախագահին, որ պէտք է փոխզիջում կատարել եւ շարունակել ընդունիլ Ափրիկէէն, Հայիթիէն ու Սալվատորէն եկող ներգաղթեալները: Սակայն նախագահը ընդհատած է անոնց խօսքը` հարց տալով....

Գերմանիոյ Մէջ Համախոհական Կառավարութեան  Կազմութեան Շուրջ Համաձայնութիւն

Գերմանիոյ Մէջ Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան Շուրջ Համաձայնութիւն

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի գլխաւորած Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն-Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն դաշինքը նախնական համաձայնութիւն գոյացուցած է Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ համախոհական կառավարութիւն գոյացնելու շուրջ: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ կուսակցութիւններուն միջեւ վերջնական համաձայնութիւնը, սակայն, կախեալ պիտի ըլլայ շարք մը հարցերու լուծումէն: Գերմանական մամուլը կը հաղորդէ, որ երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները կեդրոնացած են տուրքերու եւ գաղթի հարցերուն վրայ: Մերքելի ղեկավարած դաշինքը սեպտեմբեր 2017-ին կայացած...

Թրամփի Լոնտոն Այցելութիւնը  Ջնջուած Է

Թրամփի Լոնտոն Այցելութիւնը Ջնջուած Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրաժարած է յառաջիկայ ամիս Լոնտոնի մէջ Միացեալ Նահանգներ նոր դեսպանատան բացման համար Բրիտանիա այցելելու միտքէն` զանգուածային բողոքի ցոյցերու մտավախութենէն մեկնելով, կը գրէ «Տը Կարտիըն»: Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ հաստատած է, որ այցելութիւնը ջնջուած է` իբրեւ պատճառ նշելով Լոնտոնի մէջ ամերիկեան նոր դեսպանատան հեռու ըլլալը: Բրիտանիոյ իշխանական շրջանակներուն աղբիւրները նշած են, թէ Ուաշինկթըն ազդանշան տուած է, որ...

Էքուատոր Կը Հաստատէ Ասանժի` Երկրի  Քաղաքացիութիւն Ստանալու Մասին Լուրը

Էքուատոր Կը Հաստատէ Ասանժի` Երկրի Քաղաքացիութիւն Ստանալու Մասին Լուրը

«Ուիքիլիքս» կայքի հիմնադիր Ճուլիըն Ասանժ Էքուատորի իշխանութիւններուն դիմած է քաղաքացիութիւն ստանալու խնդրանքով, եւ այդ խնդրանքը բաւարարուած է 12 դեկտեմբերին: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է երկրի արտաքին գործոց նախարար Մարիա Ֆեռնանտա Էսփինոզա: Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Էսփինոզա ընդգծած է, որ Էքուատորը ունի այդպիսի լիազօրութիւններ` պաշտպանութեան համար դիմած մարդուն լաւագոյն պաշտպանութիւն տրամադրելու համար: Նախարարը նաեւ յայտնած է, որ...

«Լեհաստանի Իշխանութիւնները Կրնան  Հանրաքուէի Միջոցով Երկիրը  Դուրս Բերել Եւրոպական Միութենէն»  Կ՛ըսէ Թուսք

«Լեհաստանի Իշխանութիւնները Կրնան Հանրաքուէի Միջոցով Երկիրը Դուրս Բերել Եւրոպական Միութենէն» Կ՛ըսէ Թուսք

Եւրոպական խորհուրդի, Լեհաստանի նախկին վարչապետ Տոնալտ Թուսք յայտարարեց, որ Լեհաստանի իշխանութիւնները կրնան հանրաքուէի միջոցով երկիրը դուրս բերել Եւրոպական Միութենէն, եթէ զրկուին ելեւմտական օգնութենէն: Թուսքի կարծիքով` Լեհաստանի իշխող Իրաւունք եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը Եւրոպական Միութեան անդամակցութենէն կը տեսնէ միայն մէկ օգուտ` ֆինանսաւորումը: Ըստ Լեհաստանի նախկին վարչապետին, ընդհանուր առեւտրական շուկան, իրաւական համակարգն ու անվտանգութեան երաշխիքները այժմ նուազ կարեւոր գործօններ են Լեհաստանի իշխանութիւններուն համար:...

«Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիներու  Շուրջ Համաձայնութեան Գործադրութիւնը  Թուրքիոյ Հետ Սերտ Համակարգում Կը Պահանջէ»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիներու Շուրջ Համաձայնութեան Գործադրութիւնը Թուրքիոյ Հետ Սերտ Համակարգում Կը Պահանջէ» Կ՛ըսէ Փեսքով

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման շուրջ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ իր երկրին հաղորդակցութիւնները, ներառեալ Սոչիի մէջ սուրիական ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովի պատրաստութիւնը, տեղի կ՛ունենան մնայուն ու տարբեր մակարդակներու վրայ»: «Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու շուրջ համաձայնութեան գործադրութիւնը Թուրքիոյ հետ սերտ համակարգում կը պահանջէ», նշեց ան:

Իրանի Հետ Համաձայնագիրին  Եւրոպական Ուժեղ Զօրակցութիւն

Իրանի Հետ Համաձայնագիրին Եւրոպական Ուժեղ Զօրակցութիւն

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց, որ «(Իրանի) հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւնը շատ կարեւոր է»` նշելով, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ Միացեալ եւ համապարփակ աշխատանքներու ծրագիրը կը գործէ եւ կ՛երաշխաւորէ անոր հիմնական նպատակներուն իրագործումը: «Մենք կը զօրակցինք անոր ամբողջական գործադրութեան», ըսաւ ան: Պրիւքսելի մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու արտաքին...

Թրքական Բանակի Զրահապատ Մեքենաները  Սուրիական Բանակին Դէմ Մարտերո՞ւն Կը Մասնակցին

Թրքական Բանակի Զրահապատ Մեքենաները Սուրիական Բանակին Դէմ Մարտերո՞ւն Կը Մասնակցին

Սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը յայտարարեց, որ Իտլիպի հարաւարեւելեան գիւղական շրջանին մէջ սուրիական բանակին վերջերս գրաւած դիրքերուն դէմ հակայարձակում շղթայազերծած է: Սուրիական բանակին դէպի Ապու Զուհուր զինուորական օդակայան յառաջխաղացքը կասեցնելու նպատակով տարբեր առանցքներէ շղթայազերծուած յարձակումին կը մասնակցին Ահրար Շամ, Ժէյշ Ահրար, Ֆայլաք Շամ, Իտլիպի ազատ բանակ, Ժէյշ Իզզա, Ժէյշ Նասեր, Թուրքմենական իսլամական կուսակցութիւն, Թահրիր Շամ խմբաւորումները: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ,...

Էրտողան Եւ Փութին Ասթանայի  Համաձայնութիւնները  Գործադրելու Կարեւորութիւնը Շեշտեցին

Էրտողան Եւ Փութին Ասթանայի Համաձայնութիւնները Գործադրելու Կարեւորութիւնը Շեշտեցին

Ռուսիոյ բանակի սպայակոյտը երէկ յայտարարեց, որ զինեալ ընդդիմութեան` Սուրիոյ մէջ ռուսական Հմէյմիմ ռազմակայանին դէմ քանի մը օր առաջ կատարուած յարձակումին ընթացքին օգտագործած անօդաչու թռչող սարքերու քննութեան հիմամբ գոյացած են կարգ մը եզրակացութիւններ. առաջին, որ այդպիսի սարքերը անկարելի է տեղական մակարդակի վրայ արտադրել, անոնց ձեւաւորման ու օգտագործման մասնակից դարձած են անօդաչու թռչող սարքեր արտադրող եւ օգտագործող երկիրներու մէջ յատուկ մարզում ստացած...

Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Յիշեցուցած Է  Ժողովրդավարութեան  Պահպանման Կարեւորութիւնը

Ազրպէյճան Զարմանք Կը Յայտնէ. Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ազրպէյճանը Ընդգրկած Է Ահաբեկչական Վտանգ Ունեցող Երկիրներու Շարքին

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 10 յունուարին ներկայացուցած է ճանապարհորդութիւններու անվտանգութեան մասին քաղաքացիներու իրազեկման նոր համակարգը, որուն մէջ աշխարհի բոլոր երկիրները բաշխուած են 4 աստիճանի: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»-ի, յայտնած է ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատուական գործակալութիւնը: Համակարգին մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ազրպէյճանը ընդգրկած է ահաբեկչական վտանգ ունեցող եւ «ուժեղացուած նախազգուշացումներով» երկիրներու դասակարգին մէջ, ուր խորհուրդ կը տրուի տեղեկացուած ըլլալու...

«Ասանժ Էքուատորի Քաղաքացիութիւն Ստացած Է»  Կը Գրէ «Էլ Ունիվերսօ»

«Ասանժ Էքուատորի Քաղաքացիութիւն Ստացած Է» Կը Գրէ «Էլ Ունիվերսօ»

«Ուիքիլիքս» կայքի հիմնադիր Ճուլիըն Ասանժ Էքուատորի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստացած է: Այդ մասին կը յայտնէ «Լենթա» կայքը` վկայակոչելով հարաւային ամերիկեան «Էլ Ունիվերսօ» օրաթերթը: Լրատուամիջոցներուն պնդումով, 21 դեկտեմբեր 2017-ին Ասանժի անունով պատրաստուած է փաստաթուղթ մը, որ կը հաստատէ Էքուատորի քաղաքացիութիւնը` Փիչինչա շրջանի գաղտնագիրով: Երկրի հարկային ծառայութեան կայքին վրայ կը հաստատուի, որ այդ անձնագիրը կը պատկանի «Ուիքիլիքս»-ի հիմնադիրին տուեալները ամբողջութեամբ կրկնող անուն-մականունով մարդու...

Ըստ «Թայմզ»-ի.  Սուրիոյ Քրտական Ուժերը Կ՛ուզեն  Համաձայնութիւն Գոյացնել Դամասկոսի Հետ

Ըստ «Թայմզ»-ի. Սուրիոյ Քրտական Ուժերը Կ՛ուզեն Համաձայնութիւն Գոյացնել Դամասկոսի Հետ

Բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթը զրուցած է Սուրիոյ հիւսիսը գործող քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր խմբաւորման հրամանատարներէն Ապտուլ Քատիր Աֆֆետիլիի հետ, որ մեծ դեր ունեցած է յատկապէս վերջին ամիսներուն Սուրիոյ հիւսիսը քիւրտ զինեալներուն կատարած գործողութիւններուն մէջ: Աֆֆետիլի յայտարարած է, որ քիւրտ զինեալները իրենց վերահսկողութեան տակ կը պահեն Սուրիոյ շուրջ 25 առ հարիւրը, ինչպէս նաեւ իրենց շարքերուն մէջ ունին աւելի քան 50 հազար...

Սահակաշվիլի Պատմած Է Փորոշենքոյի  Վարչապետ Դառնալու Առաջարկին Մասին

Սահակաշվիլի Պատմած Է Փորոշենքոյի Վարչապետ Դառնալու Առաջարկին Մասին

Վրաստանի նախկին նախագահ, Ուքրանիոյ Օտեսա շրջանի նախկին նահանգապետ Միխայիլ Սահակաշվիլի յայտարարած է, թէ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքոն իրեն առաջարկած է վարել Ուքրանիոյ վարչապետի պաշտօնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ան յայտնած է «Զիք» պատկերասփիւռի կայանէն: «Ան անընդհատ կ՛ակնարկէր Եացենիուքին (նախկին վարչապետ Արսենի Եացենիուք, «Ա.»), որ յաջորդ վարչապետը ես պիտի ըլլամ: Սակայն երբ գիտցայ անոր ակնարկներուն մասին, ըսի` «Փիոթր...

Տեմիրթաշ. «Կարելի Է Թուրքիան  Ճիշդ Ուղիի Վրայ Կանգնեցնել»

Տեմիրթաշ. «Կարելի Է Թուրքիան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Կանգնեցնել»

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշ, որ այժմ կը գտնուի բանտը, նոր յայտարարութիւն հրապարակած է: Պատասխանելով թրքական ընդդիմադիր «Պիրկիւն» օրաթերթի հարցումներուն` Տեմիրթաշ ըսած է, որ Թուրքիան կարելի է ճիշդ ճամբու վրայ կանգնեցնել միայն հալածուող ու ճնշումներու ենթարկուող լայն զանգուածները միաւորելու եւ զանոնք մէկ նպատակի ծառայեցնելու միջոցով: «Մենք պէտք է ասոր հաւատանք եւ հրոսակային պայքար տանելու փոխարէն ըլլանք առաւել...

«Այլ Պետութիւններ Միացեալ Նահանգներ  Կ՛ուղարկեն Իրենց Համար Ոչ Պիտանի  Մարդիկը, Իսկ Մենք Զանոնք Կ՛ընդունինք»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Այլ Պետութիւններ Միացեալ Նահանգներ Կ՛ուղարկեն Իրենց Համար Ոչ Պիտանի Մարդիկը, Իսկ Մենք Զանոնք Կ՛ընդունինք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այն կարծիքը ունի, որ այլ պետութիւնները ամերիկեան «Կրին քարտ»-ի վիճակահանութեան ծրագիրի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուղարկեն անոնք, որոնք իրենց պիտանի չեն: Այդ մասին ան յայտնած է Սպիտակ տան մէջ քոնկրեսականներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին: Թրամփի համաձայն, պետութիւնները կ՛ուղարկեն այն մարդիկը, որոնց չեն ուզեր տեսնել իրենց երկիրներուն մէջ, իսկ Միացեալ Նահանգներ զանոնք կ՛ընդունին: «Երկիրները այս համակարգին...

ՄԱԿ. «Շուրջ 70 Միլիոն Մանուկներ Կ՛ապրին  Մարդասիրական Ճգնաժամերու Գօտիներուն Մէջ»

ՄԱԿ. «Շուրջ 70 Միլիոն Մանուկներ Կ՛ապրին Մարդասիրական Ճգնաժամերու Գօտիներուն Մէջ»

ՄԱԿ-ի կրթութեան հարցերով յատուկ դեսպան Կորտոն Պրաուն յայտարարած է, որ շուրջ 70 միլիոն մանուկներ կ՛ապրին մարդասիրական ճգնաժամերու գօտիներուն մէջ` զրկուած ըլլալով բնականոն կրթութիւն ստանալու կարելիութենէն, եւ յառաջիկային այդ թիւը պիտի աճի: Ան յորդորած է կրկնապատկել միջազգային երկու հանգուցային ծրագիրներու` կրթութեան բնագաւառին մէջ համաշխարհային գործընկերութեան եւ «Կրթութիւնը չի կրնար սպասել» հիմնադրամի ֆինանսաւորումը: «Նոր տուեալները կը մատնանշեն, որ մարդասիրական ճգնաժամերու ծուղակին մէջ...

Թունուզի Մէջ Տասնեակներով  Վիրաւորներ Եւ 200 Ձերբակալեալներ

Թունուզի Մէջ Տասնեակներով Վիրաւորներ Եւ 200 Ձերբակալեալներ

Թունուզի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Թունուզի տարբեր քաղաքներու մէջ տնտեսական սեղմումի քաղաքականութեան դէմ բողոքի ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուած են տասնեակներով վիրաւորներ եւ աւելի քան 200 ձերբակալեալներ: Երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ բախումներուն ընթացքին 49 ոստիկաններ վիրաւորուած են եւ անկարգութիւններուն մասնակից 206 անձեր ձերբակալուած են: Երեքշաբթի գիշեր ոստիկաններ եւ բանակայիններ տեղակայուած են բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, ուր հարիւրաւոր ցուցարարներ մէկ գիշեր առաջ բախումներու...

«Իրանն Ու Ռուսիան Պէտք Է Սանձեն  Սուրիական Վարչակարգը»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Իրանն Ու Ռուսիան Պէտք Է Սանձեն Սուրիական Վարչակարգը» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան լրագրողներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց. «Սոչիի վեհաժողովէն ետք մեր ուղղուածութեան համաձայն եղող երկիրներուն հետ Սուրիոյ հարցով ժողով մը պիտի գումարենք Թուրքիոյ մէջ»: «Իրանն ու Ռուսիան պէտք է սանձեն սուրիական վարչակարգը: Անոնք պէտք է գիտակցին Սուրիոյ մէջ իրենց պարտաւորութիւններուն», նշեց ան: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ «Սուրիոյ հարցով...

Փաքիստան Կասեցուց Միացեալ Նահանգներու Հետ  Պաշտպանութեան Եւ Հետախուզութեան  Բնագաւառներուն Մէջ Գործակցութիւնը

Փաքիստան Կասեցուց Միացեալ Նահանգներու Հետ Պաշտպանութեան Եւ Հետախուզութեան Բնագաւառներուն Մէջ Գործակցութիւնը

Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար Խուրամ Տասթկիր Խուրամ յայտարարած է, որ Փաքիստան կասեցուցած է Միացեալ Նահանգներու հետ պաշտպանութեան եւ հետախուզութեան բնագաւառներուն մէջ համագործակցութիւնը` Իսլամապատին ելեւմտական օժանդակութիւնը սառեցնելու Ուաշինկթընի որոշումէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ «Սինհուա» լրատու գործակալութիւնը: «Գոյութիւն ունի պաշտպանութեան եւ հետախուզութեան գծով Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութեան լայն շրջանակ, որ մենք կասեցուցած ենք», ըսած է ան: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը անցեալ...

Page 642 of 883 1 … 641 642 643 … 883

Արխիւներ