Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Եւ Փութին Ասթանայի Համաձայնութիւնները Գործադրելու Կարեւորութիւնը Շեշտեցին

January 12, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ բանակի սպայակոյտը երէկ յայտարարեց, որ զինեալ ընդդիմութեան` Սուրիոյ մէջ ռուսական Հմէյմիմ ռազմակայանին դէմ քանի մը օր առաջ կատարուած յարձակումին ընթացքին օգտագործած անօդաչու թռչող սարքերու քննութեան հիմամբ գոյացած են կարգ մը եզրակացութիւններ. առաջին, որ այդպիսի սարքերը անկարելի է տեղական մակարդակի վրայ արտադրել, անոնց ձեւաւորման ու օգտագործման մասնակից դարձած են անօդաչու թռչող սարքեր արտադրող եւ օգտագործող երկիրներու մէջ յատուկ մարզում ստացած մասնագէտներ:

Սպայակոյտը յայտնեց, որ ուսումնասիրութեան լոյսին տակ եզրակացուցած է, որ աշխարհի վրայ որեւէ վայրի մէջ անօդաչու թռչող սարքերու` ահաբեկչական նպատակներու համար օգտագործման վտանգ գոյութիւն ունի, եւ պէտք է այդ վտանգէն ձերբազատելու համար պատշաճ միջոցառումներ որդեգրել:

Ռուսական բանակի սպայակոյտը յայտնեց, որ ըստ քննութեան նախնական արդիւնքին, օգտագործուած պայթուցիկ նիւթը կարելի չէ Սուրիոյ մէջ արտադրել, այլ կ՛արտադրուի շարք մը երկիրներու, որոնց շարքին` Ուքրանիոյ քիմիական նիւթերու արտադրութեան «Շուսթիքա» գործարանին մէջ` աւելցնելով, որ այժմ յատուկ քննութիւն կը կատարուի ճշդելու համար նիւթը արտադրած երկիրը:

Սպայակոյտը յայտնեց, որ զինեալները օգտագործած են նոր սարքեր, որոնք քանի մը օր առաջ սկսած են վաճառուիլ տարբեր երկիրներու մէջ:

Աւելի ուշ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց. «Թուրքիան մեղսակից չէ Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական թիրախներուն դէմ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումին»: Ըստ անոր, այդ յարձակումը «գրգռութեան եւ գործընկերներու, մասնաւորաբար Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն վնասելու փորձ մըն է»:

Քրեմլին երէկ գիշեր հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին երկու կողմերը նշած են Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման առաջնահերթութիւնը:

Քրեմլին կը հաղորդէ, որ երկու ղեկավարները ընդգծած են, որ Սոչիի խորհրդաժողովէն պահանջուածը Սուրիոյ մէջ լուծումին մեծ նպաստ բերելն է: Անոնք նաեւ շեշտած են Սուրիոյ վերաբերեալ Ասթանայի համաձայնութիւնները գործադրելու կարեւորութիւնը:

Նախորդը

Ազրպէյճան Զարմանք Կը Յայտնէ. Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ազրպէյճանը Ընդգրկած Է Ահաբեկչական Վտանգ Ունեցող Երկիրներու Շարքին

Յաջորդը

Թրքական Բանակի Զրահապատ Մեքենաները Սուրիական Բանակին Դէմ Մարտերո՞ւն Կը Մասնակցին

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.