Եւրոպական խորհուրդի, Լեհաստանի նախկին վարչապետ Տոնալտ Թուսք յայտարարեց, որ Լեհաստանի իշխանութիւնները կրնան հանրաքուէի միջոցով երկիրը դուրս բերել Եւրոպական Միութենէն, եթէ զրկուին ելեւմտական օգնութենէն:
Թուսքի կարծիքով` Լեհաստանի իշխող Իրաւունք եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը Եւրոպական Միութեան անդամակցութենէն կը տեսնէ միայն մէկ օգուտ` ֆինանսաւորումը:
Ըստ Լեհաստանի նախկին վարչապետին, ընդհանուր առեւտրական շուկան, իրաւական համակարգն ու անվտանգութեան երաշխիքները այժմ նուազ կարեւոր գործօններ են Լեհաստանի իշխանութիւններուն համար:
«Ես կրնամ դիւրութեամբ պատկերացնել իրավիճակ մը, երբ Լեհաստան յայտնուի միջոցներ տրամադրող երկիրներու ցուցակին մէջ, եւ այդ ժամանակ Լեհաստանի կառավարութիւնը պիտի որոշէ, որ ժամանակն է քաղաքացիներուն հարցնել, թէ արդեօք անոնք կ՛ուզե՞ն իրենց երկիրը տեսնել Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ: Իսկ յետոյ իշխանութիւնները պիտի դնեն իրենց ամբողջ ուժը, որպէսզի լեհերը համոզեն, որ ժամանակն է հրաժեշտ տալ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան», ըսած է Թուսք:
Այս բոլորին կողքին, Եւրոպական խորհուրդի նախագահը աւելցուցած է, որ Պրիւքսելի մէջ տակաւին յոյս ունին, որ Լեհաստանը, ամէն պարագայի, պիտի մնայ Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ: