Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Ինչի՞ն Պէտք Են Աշխարհի Կեղտոտ Խորշերէն Եկող Մարդիկը» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 13, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ օրէնսդիրներու հետ գաղթի քաղաքականութեան հարցով հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներուն պէտք չեն աշխարհի կեղտոտ խորշերէն եկող ներգաղթեալները:

«Փոլիթիքօ» կայքը կը նշէ, որ հանդիպումին ընթացքին ծերակուտականները բացատրած են նախագահին, որ պէտք է փոխզիջում կատարել եւ շարունակել ընդունիլ Ափրիկէէն, Հայիթիէն ու Սալվատորէն եկող ներգաղթեալները:

Սակայն նախագահը ընդհատած է անոնց խօսքը` հարց տալով. «Միացեալ Նահանգներու ինչի՞ն պէտք են աշխարհի կեղտոտ խորշերէն եկող բոլոր այդ մարդիկը»: «Մենք պէտք է աւելի շատ մարդ ընդունինք Նորվեկիայէն», աւելցուցած է ան:

Աւելի ուշ Սպիտակ տունը չէ հերքած, որ նախագահը որոշ ներգաղթեալներ «կեղտոտ խորշերէն եկողներ» անուանած է:

«Որոշ քաղաքական գործիչներ կը նախընտրեն պայքարիլ այլ պետութիւններու շահերուն համար, սակայն նախագահ Թրամփ միշտ ալ կը պայքարի յանուն ամերիկացի ժողովուրդի շահերուն», նշած է Սպիտակ տան բանբեր Ռաճ Շահ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայիթիի դեսպան Փոլ Ալթիտոր ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» կայանէն յայտարարած է, որ իր երկրին կառավարութիւնը «խստիւ կը դատապարտէ» Թրամփի` հայիթիցի ներգաղթեալներուն վերաբերեալ մեկնաբանութիւնները եւ ամերիկեան կողմէն պաշտօնական բացատրութիւն կը պահանջէ:

Ան նշած է, որ Հայիթիի կառավարութիւնը վստահ է, որ Թրամփի արտայայտութիւնները «հիմնուած են կարծրատիպերու վրայ»: «Կա՛մ նախագահին ապատեղեկատուութիւն տրամադրած են, կա՛մ ալ ան անբարեկիրթ է», աւելցուցած է դեսպանը:

Թրամփ հերքեց, թէ անկիրթ ոճ օգտագործած է` նշելով, որ իր ոճը «կարծր էր, սակայն իր օգտագործած լեզուն ասիկա չէր»:

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Մէջ Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան Շուրջ Համաձայնութիւն

Յաջորդը

Հակադարձելով Ամերիկեան Քայլին` Թուրքիա Զգուշացուցած Է Միացեալ Նահանգներ Մեկնիլ Փափաքող Իր Քաղաքացիները

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.