Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Զարմանք Կը Յայտնէ. Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ազրպէյճանը Ընդգրկած Է Ահաբեկչական Վտանգ Ունեցող Երկիրներու Շարքին

Յունուար 12, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 10 յունուարին ներկայացուցած է ճանապարհորդութիւններու անվտանգութեան մասին քաղաքացիներու իրազեկման նոր համակարգը, որուն մէջ աշխարհի բոլոր երկիրները բաշխուած են 4 աստիճանի: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»-ի, յայտնած է ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատուական գործակալութիւնը:

Համակարգին մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ազրպէյճանը ընդգրկած է ահաբեկչական վտանգ ունեցող եւ «ուժեղացուած նախազգուշացումներով» երկիրներու դասակարգին մէջ, ուր խորհուրդ կը տրուի տեղեկացուած ըլլալու անվտանգութեան սպառնացող վտանգներուն մասին եւ խիստ զգուշութիւն պահպանելու:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցած համակարգին մէջ Հայաստանը ընդգրկուած է այն երկիրներու շարքին, ուր Միացեալ Նահանգներէն գացած զբօսաշրջիկները կրնան հանգիստ ըլլալ` պահպանելով նախազգուշական տարրական միջոցները:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան որոշումը:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Ազրպէյճան խստօրէն կը դատապարտէ ահաբեկչութեան բոլոր ձեւերն ու դրսեւորումները:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ զարմանք յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանը ներառած են այդ դասակարգին մէջ` նշելով, որ վերջին տարիներուն աճած է երկիր եկող զբօսաշրջիկներու թիւը, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ կազմակերպուած են շարք մը հեղինակաւոր նախաձեռնութիւններ, ներառեալ «Ֆորմիւլա-1» մրցաշարքը: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ երկիրը հիւրընկալած է Եւրոպական առաջին խաղերը:

Նախորդը

«Ասանժ Էքուատորի Քաղաքացիութիւն Ստացած Է» Կը Գրէ «Էլ Ունիվերսօ»

Յաջորդը

Էրտողան Եւ Փութին Ասթանայի Համաձայնութիւնները Գործադրելու Կարեւորութիւնը Շեշտեցին

RelatedPosts

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի.  Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Պատժել Օրպանը` Պոյքոթի Ենթարկելով Հունգարիոյ Արտաքին Քաղաքական Վեհաժողովը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի. Օրպան 7 Նոյեմբերին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Թրամփի Հետ` Ռուս-Ամերիկեան Վեհաժողովի Պատրաստութեան Համար

Հոկտեմբեր 31, 2025
Քրեմլին. «ՀԱՊԿ»-ի Անդամակցութեան  Շարունակութիւնը Հայաստանի Շահերէն Կը Բխի»
Միջազգային

Քրեմլին. «Միացեալ Նահանգներու Հետ Երկխօսութիւնը Անելի Չէ Մատնուած»

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?