Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահակաշվիլի Պատմած Է Փորոշենքոյի Վարչապետ Դառնալու Առաջարկին Մասին

January 12, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանի նախկին նախագահ, Ուքրանիոյ Օտեսա շրջանի նախկին նահանգապետ Միխայիլ Սահակաշվիլի յայտարարած է, թէ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքոն իրեն առաջարկած է վարել Ուքրանիոյ վարչապետի պաշտօնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ան յայտնած է «Զիք» պատկերասփիւռի կայանէն:

«Ան անընդհատ կ՛ակնարկէր Եացենիուքին (նախկին վարչապետ Արսենի Եացենիուք, «Ա.»), որ յաջորդ վարչապետը ես պիտի ըլլամ: Սակայն երբ գիտցայ անոր ակնարկներուն մասին, ըսի` «Փիոթր Ալեքսէեւիչ, ի՞նչ կը խօսիս», իսկ ան պատասխանեց. «Իսկ ինչո՞ւ ոչ», ես հակադարձեցի. «Ո՛չ», ըսած է Սահակաշվիլի:

Յատկանշական է, որ նախապէս Սահակաշվիլի «Զիք» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած էր, որ պատրաստ է դառնալու Ուքրանիոյ վարչապետ:

12 դեկտեմբերին Ուքրանիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը յայտնած էր, որ մտադիր է բողոքարկել 11 դեկտեմբերին կայացած վճիռը, որուն համաձայն դատարանը մերժած է կալանաւորել Սահակաշվիլին:

11 դեկտեմբերին Քիեւի դատարանը ազատ արձակած էր Միխայիլ Սահակաշվիլին: Փաստացի դատաւոր Լարիսա Ցոքոլ մերժած է դատախազութեան` տնային կալանքի մասին միջնորդութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Սահակաշվիլի ձերբակալուած էր 5 դեկտեմբերին` յանցագործ խումբերու անդամներուն աջակցելու եւ անոնց յանցաւոր գործունէութիւնը քողարկելու մասին քրէական գործի ծիրին մէջ:

 

Նախորդը

Տեմիրթաշ. «Կարելի Է Թուրքիան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Կանգնեցնել»

Յաջորդը

Ըստ «Թայմզ»-ի. Սուրիոյ Քրտական Ուժերը Կ՛ուզեն Համաձայնութիւն Գոյացնել Դամասկոսի Հետ

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.