Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշ, որ այժմ կը գտնուի բանտը, նոր յայտարարութիւն հրապարակած է:
Պատասխանելով թրքական ընդդիմադիր «Պիրկիւն» օրաթերթի հարցումներուն` Տեմիրթաշ ըսած է, որ Թուրքիան կարելի է ճիշդ ճամբու վրայ կանգնեցնել միայն հալածուող ու ճնշումներու ենթարկուող լայն զանգուածները միաւորելու եւ զանոնք մէկ նպատակի ծառայեցնելու միջոցով:
«Մենք պէտք է ասոր հաւատանք եւ հրոսակային պայքար տանելու փոխարէն ըլլանք առաւել ժողովրդական», ըսած է քիւրտ քաղաքական գործիչը:
Ան նաեւ շեշտած է, որ Թուրքիոյ մէջ քաղաքական մրցակցութիւնը կարելի ու իմաստալից պիտի դառնայ միայն այդ երկրին մէջ ժողովրդավարական արժէքներու ամբողջական իւրացումէն ետք:
«Սակայն մինչ այդ, ես կը կարծեմ, որ մեր պարտքն է կազմել ֆաշականութեան դէմ ամէնէն լայն ընդդիմադիր հասարակական զանգուածը», նշած է Տեմիրթաշ:
Ան նաեւ չէ բացառած, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները միւս տարի պիտի դիմեն վաղաժամ ընտրութիւններու:
«Սակայն այժմ, այս պայմաններուն մէջ ինչ ընտրութիւն ալ կատարուի` ուրիշ բան պիտի չըլլայ, քան իշխանութիւններու ֆաշականութիւնը օրինականացնող մեքանիզմ: Ներկայիս երկրին մէջ չկան ընտրութեան ազատ պայմաններ, ամէնէն առաջ պէտք է պայքարիլ սահմանուած արտակարգ դրութեան, անարդարութեան եւ ճնշումներուն դէմ», ըսած է Տեմիրթաշ:
Յիշեցնենք, որ 4 նոյեմբեր 2016-ին, Տիգրանակերտի եւ Անգարայի մէջ ձերբակալուած էին քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 10-էն աւելի անդամներ, ներառեալ կուսակցութեան համանախագահներ Սելահեթթին Տեմիրթաշն ու Ֆիկեն Եիւքսեքտաղը:
Քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխանները կը մեղադրուին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ կապեր ունենալու յանցանքով: