Բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթը զրուցած է Սուրիոյ հիւսիսը գործող քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր խմբաւորման հրամանատարներէն Ապտուլ Քատիր Աֆֆետիլիի հետ, որ մեծ դեր ունեցած է յատկապէս վերջին ամիսներուն Սուրիոյ հիւսիսը քիւրտ զինեալներուն կատարած գործողութիւններուն մէջ:
Աֆֆետիլի յայտարարած է, որ քիւրտ զինեալները իրենց վերահսկողութեան տակ կը պահեն Սուրիոյ շուրջ 25 առ հարիւրը, ինչպէս նաեւ իրենց շարքերուն մէջ ունին աւելի քան 50 հազար զինեալներ:
Ան իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքները կոչած է «ազատագրուած» եւ նշած, որ ատիկա յաջողած են ընել Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած Միջազգային դաշինքի ուժերուն հետ միացեալ պայքարի իբրեւ արդիւնք:
«Թուրքիան, Իրանն ու Ասատի վարչակարգը պէտք է շատ երջանիկ ըլլան, եթէ կարենան մեզմէ խլել այն ամէնը, ինչ որ մեր վերահսկողութեան տակ առած ենք այս ընթացքին. մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք ամէն ինչի», ըսած է քիւրտ հրամանատարը:
Ան նաեւ շեշտած է, որ քրտական ուժերը կ՛ուզէին որոշակի համաձայնութիւն գոյացնել Ասատի վարչակարգին հետ, սակայն եթէ չյաջողին ատիկա կատարել` պիտի շարունակեն պայքարիլ:
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզինի հետ հանդիպումին ընթացքին «դաւաճան» անուանած էր քրտական ջոկատները` շեշտելով, որ անոնք աջակցութիւն կը ստանան Միացեալ Նահանգներէն: