Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Հետ Համաձայնագիրին Եւրոպական Ուժեղ Զօրակցութիւն

January 12, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց, որ «(Իրանի) հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւնը շատ կարեւոր է»` նշելով, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ Միացեալ եւ համապարփակ աշխատանքներու ծրագիրը կը գործէ եւ կ՛երաշխաւորէ անոր հիմնական նպատակներուն իրագործումը: «Մենք կը զօրակցինք անոր ամբողջական գործադրութեան», ըսաւ ան:

Պրիւքսելի մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Մոկերինի նշեց, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կողմէ պատրաստուած 9 զեկուցումներ կը հաստատեն, որ Իրան յանձնառու է համաձայնագիրին, եւ իրանեան հիւլէական ծրագիրը խաղաղասիրական է: «Այս համաձայնութիւնը իրանեան հիւլէական ծրագիրի հսկողութիւնը կ՛արտօնէ», նշեց ան:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իւ Լ՛Օտրիան շեշտեց, որ իր երկիրը յանձնառու կը մնայ Իրանի հետ գոյացած համաձայնութեան եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ զայն յարգելու:

«Միացեալ Նահանգներ պէտք է յարգեն հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւնը, եւ պէտք է Իրանի դէմ հաստատուած քաղաքական պատժամիջոցները վերցուին», յայտարարեց ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն իր կարգին յայտնեց, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան վկայութեամբ` Իրան կը գործադրէ համաձայնագիրը, ինչ որ շատ կարեւոր է: «Իրանի հետ գոյացած համաձայնութենէն աւելի լաւ ընտրանք գոյութիւն չունի», աւելցուց ան:

«Շատ կարեւոր է աշխարհի վրայ այս համաձայնագիրին աջակցութիւն ապահովել, որպէսզի Իրան կարենայ ցոյց տալ, որ շրջանին մէջ լաւ դրացի մըն է, եւ կեդրոնանալու համար այն հարցին վրայ, թէ Իրան ի՛նչ կրնայ ընել Եմէնի մէջ ահաւոր տագնապի լուծման օժանդակելու, Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ շրջանին մէջ այլ հարցերու լուծման վերաբերեալ», ըսաւ բրիտանական դիւանագիտութեան պետը:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ իր կարգին յայտնեց. «Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ պահպանել Իրանի հետ գործարքը: Հակառակ այն իրողութեան, որ այդ երկիրը շրջանին մէջ բարդ դերակատարութիւն մը ունի` կը կարծենք, որ անհրաժեշտ է Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրը անջատել այլ հարցերէն»:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ սպառնացած էր իր երկիրը դուրս բերել Իրանի հետ գոյացած համաձայնագիրէն, իսկ Քոնկրեսին մէջ այդ քայլին վերաբերեալ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի:

 

Նախորդը

Թրքական Բանակի Զրահապատ Մեքենաները Սուրիական Բանակին Դէմ Մարտերո՞ւն Կը Մասնակցին

Յաջորդը

«Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիներու Շուրջ Համաձայնութեան Գործադրութիւնը Թուրքիոյ Հետ Սերտ Համակարգում Կը Պահանջէ» Կ՛ըսէ Փեսքով

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.