Քաթարական Հալածիչներ Էմիրաթական Քաղաքային Օդանաւի Մը Թռիչքի Ընթացքը Խանգարա՞ծ Են
Էմիրաթական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ քաթարական հալածիչներ խանգարած են Մանամա ուղղուող էմիրաթական քաղաքային օդանաւի մը թռիչքի ընթացքը: Էմիրաթական քաղաքային թռիչքներու մարմինը քաթարական քայլը նկատեց «քաղաքային թռիչքներու անվտանգութեան բացայայտ ու վտանգաւոր սպառնալիք»: Մարմինը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Քաթարական հալածիչներ խանգարեցին դէպի Մանամա սովորական ուղիով թռիչք կատարող էմիրաթական քաղաքային օդանաւ մը, ինչ որ քաղաքային թռիչքներու անվտանգութեան բացայայտ ու վտանգաւոր սպառնալիք մըն է եւ...


















