Միջազգային

Աֆրինի Մէջ Բախումները  Կը Շարունակուին

Աֆրինի Մէջ Բախումները Կը Շարունակուին

Աֆրինի մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներէն աղբիւր մը երէկ հաղորդեց, որ ջոկատներէն 13 զինեալներ սպաննուած են եւ 3 ուրիշներ վիրաւորուած, ինչպէս նաեւ քրտական ուժերը վար առած են Ռաժոյի վերեւ թռիչք կատարած թրքական բանակի մէկ ուղղաթիռը: Աֆրինի մէջ Սուրիոյ աշխարհազօրի բանբեր Իպրահիմ Մաքթապի «Սփութնիք»-ին յայտնեց, որ վար առնուած ուղղաթիրը «Քոպրա» տիպի է եւ մէկն է այն երեք ուղղաթիռներէն, որոնք Ռաժօ գիւղին...

Ըստ «Տէօչէ Վելլէ»-ի.  Գերմանիոյ Խորհրդարանը Կը Ծրագրէ  Յատուկ Քննարկումով Մը Յարգել  Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակը

Գերմանիա Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Ենթարկուելու Ապահովութեան Խորհուրդի Որոշումին Եւ Դադրեցնելու Աֆրինի Դէմ Գործողութիւնը

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը` շեշտելով, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ մէջ միամսեայ զինադադարի մասին որոշումը կը վերաբերի նաեւ Աֆրինին, ուր իր զինուորական գործողութիւնը կը շարունակէ թրքական բանակը: Այս մասին կը գրէ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի կայանի թրքական ծառայութիւնը: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը կոչ ուղղած է Թուրքիոյ կատարելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումն ու դադրեցնելու Սուրիոյ...

Ըստ Ռուսիոյ Ազգային  Ապահովութեան Խորհուրդին.  Ուաշինկթըն Սուրիոյ Մէջ Շուրջ  20 Ռազմակայաններ Կը Կառուցէ

Ըստ Ռուսիոյ Ազգային Ապահովութեան Խորհուրդին. Ուաշինկթըն Սուրիոյ Մէջ Շուրջ 20 Ռազմակայաններ Կը Կառուցէ

Ռուսիոյ ազգային ապահովութեան խորհուրդը երէկ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ կը կառուցեն շուրջ 20 ռազմակայաններ: Ռուսիոյ ազգային ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալ Ալեքսանտր Վենետիքթով յայտնեց, որ Ուաշինկթըն արդիական զէնքեր մատակարարեց քիւրտերուն, ինչ որ «Թուրքիան դրդեց հիւսիսային Սուրիոյ Աֆրին շրջանին մէջ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծելու»: Ան յայտնեց, որ Դամասկոս շարունակ կը հաղորդէ, թէ...

Չեխիոյ Մէջ Կրիփէն Մահացած Է 50 Մարդ

Չեխիոյ Մէջ Կրիփէն Մահացած Է 50 Մարդ

Չեխիոյ մէջ կրիփի համաճարակին պատճառով վերջին երեք շաբթուան ընթացքին մահացած է 50 մարդ: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթա.ռու» կայքը` յղում կատարելով երկրի Պետական բժշկական հիմնարկի տուեալներուն: Կը նշուի, որ հիւանդութիւնը ամէնէն ծանրը կ՛ազդէ տարեց մարդոց վրայ, որոնց պարագային կրիփը կը նպաստէ նաեւ այլ հիւանդութիւններու սրումին: Պատահական չէ, որ 50 մահացածներէն 43-ը 60 տարեկանէն մեծ քաղաքացիներ են: Մնացեալ մահացածներու տարիքը 25-ի...

Սուրիական Բանակը  Իր Վերահսկողութեան  Տակ Առած Է Հաուշ Տաուահիրան

Սուրիական Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առած Է Հաուշ Տաուահիրան

Արեւելեան Ղութայի մէջ մարտական աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը յայտնած են, թէ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է Հաուշ Տաուահիրան, որ կը գտնուի Ղութայի հիւսիսային ճակատին վրայ: Նշեալ աղբիւրներուն համաձայն, յառաջիկայ ժամերուն կը նախատեսուի, որ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առնէ Տումա քաղաքին արեւելքը գտնուող եւ անոր հսկող Շէյֆունիէ գիւղը: Ղութայի արեւմտեան ճակատէն աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնած են, որ սուրիական...

ՄԱԿ. «Բոլորը Կ՛անտեսեն Ապահովութեան  Խորհուրդի` Սուրիոյ Մէջ  Զինադադար Հաստատելու Որոշումը»

ՄԱԿ. «Բոլորը Կ՛անտեսեն Ապահովութեան Խորհուրդի` Սուրիոյ Մէջ Զինադադար Հաստատելու Որոշումը»

«Հակառակ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` Սուրիոյ մէջ բոլոր տեսակի թշնամական արարքները դադրեցնելու վերաբերեալ վերջին որոշումին, երկրին մէջ բախումները կը շարունակուին», շեշտեց ՄԱԿ-ը: «Միջազգային կազմակերպութիւնը սուրիական տագնապի առաջին օրէն բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց կռիւը դադրեցնելու: Բոլորը կ՛անտեսեն այդտեղ ընթացող զինուորական գործողութիւններուն վերաբերեալ հրապարակուած ՄԱԿ-ի որոշումը», ընդգծեց ՄԱԿ: «Դամասկոսի գիւղական շրջաններէն Արեւելեան Ղութայի մէջ պատահածը եւ վարչակարգի ուժերուն կողմէ պաշարումը դժոխք է», նշեց...

Եգիպտոսի Մէջ Գնացքներու Բախումը  Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր Ու Վիրաւորներ

Եգիպտոսի Մէջ Գնացքներու Բախումը Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր Ու Վիրաւորներ

Եգիպտոսի մէջ երկու գնացքներ իրարու բախած են: Արձանագրուած է 19 զոհ եւ 38 վիրաւոր: Գնացքները բախած են երկրին հիւսիսը գտնուող Պոհէյրա շրջանին մէջ: Կը հաղորդուի, որ ճամբորդատար գնացքը բախած է բեռնատար գնացքին: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ տեղւոյն աղբիւրները, վկայակոչելով ոստիկանութիւնը եւ զինուորական պաշտօնատարները, յայտնած են, թէ արկածի վայր ուղղուած են շտապօգնութեան շուրջ 30 ինքնաշարժներ:  

Թուրքիա Մտահոգուած Է  Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Ահաբեկչութեան Հովանաւորներու  Դէմ Օրէնքի Որդեգրումով

Հակադարձելով Ամերիկեան Կողմի Դիտողութեան` Անգարա Ուաշինկթընը Կը Յորդորէ Քաղաքայիններուն Դէմ Դամասկոսի Յարձակումները Դադրեցնելու Վրայ Կեդրոնանալու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ամերիկեան վարչակազմը կը յորդորենք կեդրոնանալու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին քաղաքայիններու դէմ յարձակումները դադրեցնելու վրայ` փոխանակ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու աջակցութեան հաղորդագրութիւններ հրապարակելու»: «Ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան Թուրքիոյ յղած` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը կարդալու կոչը կա՛մ որոշումի հիմնական կէտը չհասկնալու հետեւանք է, կա՛մ ալ զայն աղաւաղելու փորձ», կը նշէ նախարարութիւնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր...

Թրքական Երեք Նախարարութիւններ  Բողոքագիր Յղած Են Չեխիոյ

Թրքական Երեք Նախարարութիւններ Բողոքագիր Յղած Են Չեխիոյ

Թուրքիոյ արդարադատութեան, արտաքին եւ ներքին գործոց նախարարութիւնները բողոքագիր յղած են Չեխիոյ` Սուրիոյ հիւսիսը գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու քաղաքական թեւին` Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմի ազատ արձակման հարցով: Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: Չաւուշօղլու յայտնած է, որ Թուրքիան իր պահանջներէն պիտի չհրաժարի եւ մինչեւ վերջ պիտի շարունակէ հետեւիլ...

Մաթիս Ռուսիան Կ՛ամբաստանէ Պետութիւններու  Սահմանը Փոխել Ջանալու Յանցանքով

Մաթիս Ռուսիան Կ՛ամբաստանէ Պետութիւններու Սահմանը Փոխել Ջանալու Յանցանքով

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս նշեց. «Միացեալ Նահանգներ եւ Մոնթենեկրօ ՕԹԱՆ-ի մնացեալ դաշնակիցներուն հետ կողք-կողքի կ՛աշխատին դիմակայելու համար Ռուսիան»: Փենթակոնի ղեկավարը ըսաւ, որ Ռուսիան «անվտանգութեան սպառնալիք է, կը փորձէ բռնի ուժով պետութիւններու սահմանները փոխել, ինչպէս նաեւ կը ջանայ եւրոպական որոշումներուն, դիւանագիտական, տնտեսական ու անվտանգութեան բնագաւառներուն մէջ վեթոյի իրաւունքը օգտագործել»: Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը յայտնեց. «Ուաշինկթըն կը շարունակէ Ռուսիոյ նկատմամբ...

Երուսաղէմի Ս. Յարութեան  Տաճարը Վերաբացուեցաւ

Երուսաղէմի Ս. Յարութեան Տաճարը Վերաբացուեցաւ

Երուսաղէմի մեծագոյն քրիստոնէական եկեղեցիները 28 փետրուարի առաւօտուն վերաբացած են Ս. Յարութեան տաճարի դռները` վերջ տալով եռօրեայ բողոքին, որ ուղղուած էր քաղաքապետարանի` եկեղեցիներէն ու վանքերէն հարկեր գանձելու որոշումին դէմ: Երուսաղէմի քաղաքապետարանի հաշուարկներուն համաձայն, եկեղեցիները քաղաքի պիւտճէին պարտք են աւելի քան 186 միլիոն տոլար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ եկեղեցականները ուխտաւորներու համար դարձեալ հասանելի դարձուցած են Յիսուսի խաչելութեան, գերեզմանոցի եւ յարութեան սրբավայրերը,...

Թուրքիոյ Վարչապետն Ու Արտաքին  Գործոց Նախարարը Պիտի Այցելեն Պաքու

Թուրքիոյ Վարչապետն Ու Արտաքին Գործոց Նախարարը Պիտի Այցելեն Պաքու

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու կը պատրաստուին այցելելու Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքու: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը: Ըստ «Թրենտ»-ի, Եըլտըրըմ եւ Չաւուշօղլու կը պատրաստուին մասնակցելու 15-17 մարտին նախատեսուած Պաքուի 5-րդ համաշխարհային համախմբումին: Կը նախատեսուի նաեւ, որ անոնք հանդիպումներու շարք մը ունենան ազրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

Արեւելեան Ղութայի Մէջ Ռուսական  Զինադադարը Մտաւ Ուժի Մէջ

Արեւելեան Ղութայի Մէջ Ռուսական Զինադադարը Մտաւ Ուժի Մէջ

Դամասկոսի արուարձաններէն Արեւելեան Ղութայի մէջ Ռուսիոյ «մարդասիրական զինադադար»-ը երէկ առաւօտեան մտաւ ուժի մէջ: Առօրեայ զինադադարը կ՛երկարի առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ 14:00, անոր ընթացքին շրջանէն քաղաքայիններու դուրս գալուն համար անցք մը կը բացուի: Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Դամասկոսի արուարձաններէն Արեւելեան Ղութայի մէջ գտնուող զինեալները կրակ բացած են Ուաֆիտին անցքին ճամբով շրջանէն դուրս եկող քաղաքայիններուն վրայ: Ռուսական բանակը իր կարգին...

Սալեհ Մուսլիմ Ազատ Արձակուեցաւ

Սալեհ Մուսլիմ Ազատ Արձակուեցաւ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ չեխական դատարան մը ազատ արձակած է Սուրիոյ հիւսիսը գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու քաղաքական թեւին` Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմը: Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, յղում կատարելով չեխական մամուլին, հաղորդած էր, որ վերջերս Չեխիոյ մէջ ձերբակալուած Սալեհ Մուսլիմի արտայանձնման դիմաց Չեխիան կրնայ Թուրքիայէն պահանջել իր երկու քաղաքացիները, որոնք քրտական ջոկատներուն անդամակցելու ամբաստանութեամբ թուրք-սուրիական սահմանին վրայ ձերբակալուած...

Թուրքիա Հերքած Է Աֆրինի  Վերաբերեալ Փենթակոնի Յայտարարութիւնը

Թուրքիա Հերքած Է Աֆրինի Վերաբերեալ Փենթակոնի Յայտարարութիւնը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան Աֆրինի շուրջ բանակցութիւններուն վերաբերեալ յայտարարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»` յղում կատարելով թրքական «Հիւրրիյեթ» օրաթերթին: Փենթակոնի բանբեր Էտրիըն Ռենքին-Կալաուէյ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կը բանակցին Թուրքիոյ հետ Աֆրինի մէջ զինուորական գործողութիւններուն վերաբերեալ, գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը մեղմացնելու համար: Ի պատասխան այս յայտարարութեան, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտնած...

Ուաշինկթըն Կը Սպառնայ Պատժամիջոցներ  Հաստատել Թուրքիոյ Դէմ,  Եթէ Վերջինս Չհրաժարի «Էս-400»-ներէն

Ուաշինկթըն Կը Սպառնայ Պատժամիջոցներ Հաստատել Թուրքիոյ Դէմ, Եթէ Վերջինս Չհրաժարի «Էս-400»-ներէն

Միացեալ Նահանգներ կը սպառնան պատժամիջոցներ հաստատել Թուրքիոյ դէմ, եթէ վերջինս չհրաժարի ռուսական «Էս-400» հակաօդային հրթիռներու համակարգերու գործարքէն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերթիւրք»-ը` յղում կատարելով ամերիկացի անանուն պաշտօնատարի մը: Ըստ վերջինիս, Միացեալ Նահանգներ մտահոգութիւն կը յայտնեն «Էս-400»-ի ու ՕԹԱՆ-ի զինատեսակներուն համատեղելիութեան վերաբերեալ եւ նոյնիսկ հակաօդային պաշտպանութեան իր պահանջները բաւարարելու համար համապատասխան այլընտրանք կ՛առաջարկեն իրենց դաշնակիցին` «Էս-400»-էն հրաժարելու պարագային: «Չի բացառուիր,...

Անգարա Կը Փորձէ Իրաքի Մէջ Թուրք  Կիներու Մահապատիժի Ենթարկուիլը Կասեցնել

Անգարա Կը Փորձէ Իրաքի Մէջ Թուրք Կիներու Մահապատիժի Ենթարկուիլը Կասեցնել

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ջանքեր կը գործադրէ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի անդամ ըլլալու յանցանքով մեղադրուող ու մահապատիժի դատապարտուած Թուրքիոյ քաղաքացի 15 կիներ հայրենիք վերադարձնելու կամ անոնց մահապատիժի վճիռները ջնջելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: Աղբիւրը չի մանրամասներ, թէ յատկապէս ի՛նչ միջոցներու կը ձեռնարկէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Յայտնի է, որ ներկայիս ճշդուած են Իրաքի երեք տարբեր բանտերու մէջ...

Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտքի Նախարարը  Յայտարարած Է Ռուսիոյ Դէմ «Յառաջիկայ 30 Օրուան»  Ընթացքին Նոր Պատժամիջոցներ Հաստատելու Մասին

Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտքի Նախարարը Յայտարարած Է Ռուսիոյ Դէմ «Յառաջիկայ 30 Օրուան» Ընթացքին Նոր Պատժամիջոցներ Հաստատելու Մասին

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթիվըն Մնուչին յստակ ժամկէտեր նշած է Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներու հաստատման համար: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնած է «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան թղթակիցը: Նախարարը համապատասխան յայտարարութիւն կատարած է Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիա համալսարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ: «Կրնաք սպասել, որ յառաջիկայ երեսուն օրուան ընթացքին հաստատուին պատժամիջոցները: Մենք կը կիրարկենք գոյութիւն ունեցող բոլոր պատժամիջոցները եւ նորերը կը հաստատենք»,...

«Իրանի Դէմ Միակողմանի Միջոցառումներ  Պիտի Որդեգրենք, Եթէ Ռուսիան  Շարունակէ Զայն Պաշտպանել»  Կ՛ըսէ Հէյլի

«Իրանի Դէմ Միակողմանի Միջոցառումներ Պիտի Որդեգրենք, Եթէ Ռուսիան Շարունակէ Զայն Պաշտպանել» Կ՛ըսէ Հէյլի

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքի Հէյլի յայտարարեց. «Եթէ Ռուսիա պիտի շարունակէ պաշտպանել Իրանը, ապա պիտի ստիպուինք` մենք եւ մեր գործընկերները, միակողմանի միջոցառումներ որդեգրել»: Անդրադառնալով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Եմէնի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու վերահաստատման վերաբերեալ բրիտանական բանաձեւին փոխարէն ռուսականը որդեգրելուն` Հէյլի ըսաւ. «Յստակ է, որ այս քուէարկութիւնը ի շահ (Իրանի հետ) հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան չէ: Ասիկա կու գայ հաստատելու...

«Էս-400»-Ին Առնչուած Ռուս-Թրքական  Գործարքը Բարդ Նիւթ Է»  Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

«Էս-400»-Ին Առնչուած Ռուս-Թրքական Գործարքը Բարդ Նիւթ Է» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ, խօսելով «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումին վերաբերեալ ռուս-թրքական գործարքին մասին, նշած է, որ ատիկա բացառապէս Թուրքիոյ ազգային որոշումն է, եւ զիրենք յուզող միակ բանը այս սպառազինութեան` ՕԹԱՆ-ի զինատեսակներուն հետ համադրելու կարելիութեան խնդիրներն են: Թրքական «Թի24» կայքը կը հաղորդէ, որ Սթոլթենպերկ նշած է, թէ ատիկա իրենց համար բաւական բարդ նիւթ է: «Մեզի համար կարեւորը այդ հակաօդային...

Page 631 of 883 1 … 630 631 632 … 883

Արխիւներ