ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքի Հէյլի յայտարարեց. «Եթէ Ռուսիա պիտի շարունակէ պաշտպանել Իրանը, ապա պիտի ստիպուինք` մենք եւ մեր գործընկերները, միակողմանի միջոցառումներ որդեգրել»:
Անդրադառնալով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Եմէնի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու վերահաստատման վերաբերեալ բրիտանական բանաձեւին փոխարէն ռուսականը որդեգրելուն` Հէյլի ըսաւ. «Յստակ է, որ այս քուէարկութիւնը ի շահ (Իրանի հետ) հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան չէ: Ասիկա կու գայ հաստատելու մեր կարծիքը, թէ Իրան իր վտանգաւոր ու անօրինական վարմունքին համար անպատիժ մնալու առիթ կը ստանայ»:
Նշենք, որ բրիտանական բանաձեւը, որ տապալեցաւ ռուսական վեթոյին պատճառով, կը քննադատէր Իրանը եւ կը մեղադրէր զայն Եմէնի մէջ հուսիներուն իրանեան զէնքերու մատակարարման կանխարգիլման մէջ թերանալու յանցանքով:



