Պաղտատ Ջնջած Է Քրտական Մարզի Դրամատնային Համակարգին Դէմ Պատժամիջոցները
Իրաքի կեդրոնական իշխանութիւնները ջնջած են Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի դրամատնային համակարգին դէմ պատժամիջոցները: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթէտուվար» կայքը: Իրաքի խորհրդարանը, պատժամիջոցներու ջնջման մասին որոշումը ընդունելով, իբրեւ այդպիսի որոշումի պատճառ նշած է պատժամիջոցներու` իրենց նպատակին ծառայած ըլլալու փաստը: Յայտնի է, որ որոշումը ընդունուած է քրտական մարզին մէջ ազդեցիկ «Գորան» ընդդիմադիր շարժումի անդամներուն առաջարկով: Քրտական մարզի անկախութեան վերաբերեալ հանրաքուէէն ետք Պաղտատ...



















