Միացեալ Նահանգներ կը սպառնան պատժամիջոցներ հաստատել Թուրքիոյ դէմ, եթէ վերջինս չհրաժարի ռուսական «Էս-400» հակաօդային հրթիռներու համակարգերու գործարքէն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերթիւրք»-ը` յղում կատարելով ամերիկացի անանուն պաշտօնատարի մը:
Ըստ վերջինիս, Միացեալ Նահանգներ մտահոգութիւն կը յայտնեն «Էս-400»-ի ու ՕԹԱՆ-ի զինատեսակներուն համատեղելիութեան վերաբերեալ եւ նոյնիսկ հակաօդային պաշտպանութեան իր պահանջները բաւարարելու համար համապատասխան այլընտրանք կ՛առաջարկեն իրենց դաշնակիցին` «Էս-400»-էն հրաժարելու պարագային:
«Չի բացառուիր, որ հակառակ պարագային Անգարան կրնայ բախիլ ամերիկեան պատժամիջոցներուն», կը գրէ կայքը:



