Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան Աֆրինի շուրջ բանակցութիւններուն վերաբերեալ յայտարարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»` յղում կատարելով թրքական «Հիւրրիյեթ» օրաթերթին:
Փենթակոնի բանբեր Էտրիըն Ռենքին-Կալաուէյ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կը բանակցին Թուրքիոյ հետ Աֆրինի մէջ զինուորական գործողութիւններուն վերաբերեալ, գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը մեղմացնելու համար:
Ի պատասխան այս յայտարարութեան, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտնած է, որ ատիկա իրականութեան չի համապատասխաներ: «Թուրքիան Աֆրինի վերաբերեալ դիւանագիտական որեւէ կողմի հետ բանակցութիւններու մէջ չէ», ըսած է Աքսոյ:



