Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էս-400»-Ին Առնչուած Ռուս-Թրքական Գործարքը Բարդ Նիւթ Է» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

February 28, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ, խօսելով «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումին վերաբերեալ ռուս-թրքական գործարքին մասին, նշած է, որ ատիկա բացառապէս Թուրքիոյ ազգային որոշումն է, եւ զիրենք յուզող միակ բանը այս սպառազինութեան` ՕԹԱՆ-ի զինատեսակներուն հետ համադրելու կարելիութեան խնդիրներն են:

Թրքական «Թի24» կայքը կը հաղորդէ, որ Սթոլթենպերկ նշած է, թէ ատիկա իրենց համար բաւական բարդ նիւթ է:

«Մեզի համար կարեւորը այդ հակաօդային համակարգերու` մեր համակարգերուն հետ համարկման խնդիրն է: Պէտք է նշեմ, որ ատիկա բարդ նիւթ է», ըսած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը` ընդգծելով, որ Թուրքիան, մեկնելով իր աշխարհագրական դիրքէն, շատ կարեւոր գործընկեր է իրենց համար:

«Թուրքիան մեր շատ կարեւոր անդամն է: ՕԹԱՆ-ի համար շարք մը հարցերու մէջ կարեւոր առաւելութիւններ կ՛ապահովէ: Անոր աշխարհագրական դիրքը` Սուրիոյ եւ Իրաքին սահմանակից ըլլալը կարեւոր կը դարձնէ անոր դերը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ: Բացի ատկէ, Սեւ ծովէն ելք ունենալը նոյնպէս կ՛ապահովէ ՕԹԱՆ-ի մէջ Թուրքիոյ կարեւոր դիրքը», ըսած է Սթոլթենպերկ:

«Ռոսթեխ» պետական ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Սերկէյ Չեմեզով նախապէս յայտնած էր, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ ռուսական «Էս-400»-ներու գնման վերաբերեալ գործարքը արժած է աւելի քան 2 միլիառ տոլար:

Միացեալ Նահանգներու օդուժի փոխհրամանատար Հէյտի Կրանթ շեշտած էր, որ «Էս-400»-ներու գնումը կրնայ խնդիրներ յառաջացնել նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ «Էֆ-35» հալածիչներու մատակարարման հարցին մէջ, ինչ որ նախատեսուած է իրականացնել 2018-ին:

Նախորդը

Պաղտատ Ջնջած Է Քրտական Մարզի Դրամատնային Համակարգին Դէմ Պատժամիջոցները

Յաջորդը

«Իրանի Դէմ Միակողմանի Միջոցառումներ Պիտի Որդեգրենք, Եթէ Ռուսիան Շարունակէ Զայն Պաշտպանել» Կ՛ըսէ Հէյլի

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.