Թուրքիա Գերմանիայէն Կը Պահանջէ Ձերբակալել Եւ Արտայանձնել Սալեհ Մուսլիմը
Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Անգարա Գերմանիայէն պահանջած է բերման ենթարկել Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմը եւ զինք արտայանձնել Թուրքիոյ: Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, «անցեալ ուրբաթ օր գերմանացի պաշտօնատարներուն յանձնուած է թրքական դատարանի մը կողմէ հրապարակուած` Սալեհը բերման ենթարկելու հրամանագիր մը, որովհետեւ ան 2016-ին Անգարայի մէջ գնացքի կայարանի մը մօտ 36 զոհ եւ 349 վիրաւոր պատճառած ահաբեկչական յարձակումի կասկածելիներէն մէկն...




















