Ռուսիոյ ազգային ապահովութեան խորհուրդը երէկ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ կը կառուցեն շուրջ 20 ռազմակայաններ:
Ռուսիոյ ազգային ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալ Ալեքսանտր Վենետիքթով յայտնեց, որ Ուաշինկթըն արդիական զէնքեր մատակարարեց քիւրտերուն, ինչ որ «Թուրքիան դրդեց հիւսիսային Սուրիոյ Աֆրին շրջանին մէջ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծելու»:
Ան յայտնեց, որ Դամասկոս շարունակ կը հաղորդէ, թէ ահաբեկիչներէն ազատագրուած տարածքներուն մէջ քիմիական թունաւոր նիւթեր կը յայտնաբերէ:
«Զինեալները հարաւային Սուրիոյ Թանաֆ քաղաքին մէջ գտնուող ամերիկեան ապահովական շրջանին մէջ ազատօրէն կ՛երթեւեկեն ամերիկացի զինուորներուն առջեւ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ արտաքին միջամտութիւնը կ՛արգելակէ Սուրիոյ մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատումը:



