Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ջանքեր կը գործադրէ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի անդամ ըլլալու յանցանքով մեղադրուող ու մահապատիժի դատապարտուած Թուրքիոյ քաղաքացի 15 կիներ հայրենիք վերադարձնելու կամ անոնց մահապատիժի վճիռները ջնջելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:
Աղբիւրը չի մանրամասներ, թէ յատկապէս ի՛նչ միջոցներու կը ձեռնարկէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Յայտնի է, որ ներկայիս ճշդուած են Իրաքի երեք տարբեր բանտերու մէջ գտնուող թուրք կիներուն եւ անոնց երեխաներուն ինքնութիւնները: Վերջիններուս թիւը կը հասնի 400-ի:
Կը նշուի, որ կիներէն շատեր պահանջած են, որ Թուրքիոյ մէջ դատուին, սակայն հաշուի առնելով, որ այս տարի Իրաքի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններ կը սպասուին, կ՛ենթադրուի, որ ՏԱՀԵՇ-ականներու դէմ զանգուածային մահապատիժներու վճիռները տակաւին պիտի աւելնան:
Աղբիւրը կը շեշտէ, թէ նշեալ կիներու երեխաներուն արտայանձնումը աւելի իրատեսական կը թուի, իսկ կիներու հարցին մէջ թրքական կողմը այդքան ալ մեծ յոյսեր չունի:



