Թուրքիոյ արդարադատութեան, արտաքին եւ ներքին գործոց նախարարութիւնները բողոքագիր յղած են Չեխիոյ` Սուրիոյ հիւսիսը գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու քաղաքական թեւին` Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմի ազատ արձակման հարցով: Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:
Չաւուշօղլու յայտնած է, որ Թուրքիան իր պահանջներէն պիտի չհրաժարի եւ մինչեւ վերջ պիտի շարունակէ հետեւիլ գործի ընթացքին:
«Մենք կատարած էինք անհրաժեշտ ընթացակարգերն ու յղած Սալեհ Մուսլիմի արտայանձնումին վերաբերեալ պահանջը: Սակայն դատարանը այսպիսի որոշում կայացուց: Մենք պիտի չհրաժարինք այս գործէն: Ո՛ր երկիրը կ՛ուզէ թող երթայ` հանգիստ պիտի չձգենք», ըսած է նախարարը:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պեքիր Պոզտաղ, իր կարգին մեկնաբանելով Մուսլիմի ազատ արձակման մասին որոշումը, յայտարարած է, որ Չեխիոյ քայլը հաստատ իր լուրջ ազդեցութիւնը պիտի ունենայ թուրք-չեխական յարաբերութիւններուն վրայ:
Թրքական «Թի24» կայքը կը գրէ, որ Պոզտաղ չեխական դատարանին որոշումը կոչած է միջազգային իրաւունքի խախտում եւ յայտարարած, որ այդ քայլով Չեխիա բացէ ի բաց իր աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ ահաբեկչութեան:
«Այսպիսի որոշումները շատ յստակ քաղաքական քայլեր են եւ օրէնքի տեսանկիւնէն որեւէ ձեւով չեն կրնար բացատրուիլ: Ասիկա որոշում մըն է, որ իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Թուրքիոյ մէջ կատարուող ահաբեկչութիւններուն», ըսած է Թուրքիոյ կառավարութեան բանբերը:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յոյս յայտնած էր, որ Չեխիան կարելի եղածին չափ շուտ արտայանձնէ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավարը: